Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Արցախի 89 Նորագիր Սկաուտներու Բանակում` Բիւրականի Մէջ

August 25, 2021
| Անդրադարձ, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպութեամբ, երկուշաբթի, 23 օգոստոսին, ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, Հայաստան, ընթացք առաւ Արցախի վերականգնած մասնաճիւղին առաջին բանակումը` մասնակցութեամբ 89 նորագիր սկաուտներու:

Հնգօրեայ այս բանակումին Արցախէն եկած նորագիր պատանի-պարմանուհիները առիթը կ’ունենան ծանօթանալու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան, սկաուտութեան ընդհանուր սկզբունքներուն եւ ազգային այն բոլոր արժէքներուն, որոնց դրօշին տակ գործած է 103-ամեայ ՀՄԸՄ-ը: Բանակումը կը յատկանշուի դաստիարակչական հարուստ յայտագիրներով, արշաւներով եւ ընկերային-ժամանցի պահերով:

Յայտնենք, որ այս բանակումէն երկու շաբաթ առաջ, 10-15 օգոստոսին, Արցախէն 16 սկաուտ խմբապետներ իրենց մասնակցութիւնը բերին համահայաստանեան բանակումին, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի բոլոր մասնաճիւղերէն 300 սկաուտներու մասնակցութեամբ:

Զուգահեռ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ, ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին հետ գործակցաբար, 18-21 օգոստոսին Բիւրականի մէջ իրականացուց Արցախի հերոսներու ընտանիքներու եւ Արցախէն գաղթական ընտանիքներու երեխաներուն յատուկ բանակում մը:

Յայտնենք, որ արցախեան պատերազմին յաջորդած 10 ամսուան ակամայ դադարէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Արցախի մեկուսի մասնաճիւղը վերականգնեցաւ անցնող յուլիսին` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եռանդամ պատուիրակութեան մը Ստեփանակերտ այցելութեամբ: Մասնաճիւղը այժմ կը գործէ եօթնանդամ վարչութեամբ եւ կը պատրաստուի հոկտեմբերին իր կազմակերպելիք բանակումին, որուն հիւրաբար պիտի մասնակցին Հայաստանէն սկաուտներ:

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Արմանտօ Թորգոմեան

Յաջորդը

Զօրակցի՛նք Լիբանանահայութեան

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.