Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Թալեպաններուն Սպառնացած Է Պատասխան Տալ, Եթէ Անոնք Ամերիկացիներուն Չարտօնեն Լքել Քապուլը

August 24, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են արագ եւ հզօր պատասխան տալու, եթէ Թալեպան արմատական շարժումը խոչընդոտէ Աֆղանիստանի մէջ մնացած ամերիկացի քաղաքացիներուն մուտքը Քապուլի օդակայան, ուրկէ երկրէն հեռացում կ՛իրականացուի: Այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սոլիվընը:

«Մենք անոնց տեղեկացուցած ենք, որ եթէ անոնք մեր քաղաքացիներուն չարտօնեն լքել երկիրը, ինչպէս նաեւ փորձեն խափանել կամ որեւէ ձեւով միջամտել մեր գործողութիւններուն եւ հեռացման աշխատանքին, մենք արագ եւ հզօր պատասխան պիտի տանք», «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ Սոլիվըն:

Անոր գնահատումով, «քանի մը հազար ամերիկացիներ» տակաւին կարիքը ունին Աֆղանիստանէն հեռացուելու` աւելցնելով, որ այդ երկրին մէջ գտնուող ամերիկացիներուն թիւը յստակ չէ, որովհետեւ թէեւ անոնց յորդորուած է, սակայն անոնք ստիպուած չեն Քապուլի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մօտ արձանագրուելու, ուստի ամերիկեան կառավարութիւնը չէ հետեւած կարգ մը ամերիկացի ճամբորդներու, որոնք Թալեպան շարժումի իշխանութեան տիրանալէն առաջ երկիր մուտք գործած են կամ հեռացած:

Սոլիվըն յայտնեց, որ մինչեւ հիմա 30.000 անձեր յաջողած են երկրէն փախուստ տալ եւ անոնցմէ 25.000-ը երկրէն հեռացած են 14 օգոստոսին թալեպաններուն մայրաքաղաք Քապուլի վրայ յարձակումի շղթայազերծումէն ետք: Շաբաթ օրուընէ մինչեւ կիրակի երկարող 24 ժամուան ընթացքին 7800 անձեր երկրէն հեռացուած են զինուորական եւ անձնական վարձակալուած օդանաւերով:

Նախորդը

Թալեպանները Պաշարած Են Փանժշիրի Մէջ Գտնուող Ընդդիմադիր Ուժերը

Յաջորդը

Թենիս. Զվերեւ Տիրացաւ Սինսինաթիի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.