Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փտած Երկրի Մը Սրտաճմլիկ «Գեղեցկութիւն»-ը (4 Օգոստոս 2020)

August 4, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ըստ երեւոյթին ուշ է այն օրը, շատ ուշ, որ Լիբանանի ժողովուրդը կարենայ հասկնալ տարողութիւնը կամ գիտնալ ճշմարտութիւնը, թէ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդ քստմնելի պայթումը, աւելի՛ն. դարուս մեծ ոճիրը:

Միւս կողմէ, կրնայ առարկուիլ, որ եթէ երբեք ոճիր էր պատահածը, ապա որո՞նք էին (են) ոճրագործները, ինչո՞ւ չեն բացայայտուած, ահա տարիէ մը ի վեր, կամ ո՞ւր է արդարութիւնը, որ իր վերջնական ու անառարկելի վճիռը արձակած պէտք էր ըլլար:

Վճիռ, որ ինչպիսի՛ գոյն, ձեւ եւ իմաստ ալ ունեցած ըլլար, փաստօրէն, ճիշդ թէ յանիրաւի, պիտի ապացուցէր երկրի մը արդարադատական գործընթացի մը լուրջ ներկայութիւնը, դատաւորի անկաշկանդ խօսքը, կամքն ու յանդգնութիւնը, մէկ խօսքով` ազատ, ինքնիշխան ու ժողովրդավար համակարգի մը յաղթանակը:

Եւ ահա, վերոնշեալ փափաքներու պաստառին դէմ յանդիման, պիտի ըլլան, եղան ալեհեր լիբանանցիներ (ներառեալ մեր հայրերը), որոնք, ամէն քայլափոխի,  մեզի կը յիշեցնեն սա սրտաճմլիկ իրականութիւնը, թէ Մեծ Լիբանանի ստեղծումէն ի վեր (1920), եւ աւելի ուշ անոր անկախացումէն ետք (1943), արդեօք նոր Լիբանան մը կերտելու (հաստատութենական իրաւ պետութիւն) բոլոր ճիգերը, միտումները, նաեւ իրաւացի հատ ու կենտ գործելակերպերը ի դերեւ չե՞ն ելած, աւելի՛ն. ձախողութեան մատնուած, որ համայնքայնութիւն-յարանուանութիւն կոչուած քաղցկեղը` մարդոց ներաշխարհին մէջ առաւել արմատաւորուի, իր կարգին պատճառ դառնալով ներքին պայքարներու, շահերու բախումի, ճակատումի, կաշառակերութեան ու փտածութեան անսանձ տարածումին եւ, վերջապէս` աւազակ այրերու գոյատեւման եւ այլն, եւ այլն:

Կ՛ըսեն, որ գիտակից, քաղաքականացած եւ բարոյական արժէքներով լիացած հասարակութիւն մը (ժողովուրդ թէ ազգ), անպայման որ դասեր կը քաղէ իր մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի ողջ պատմութենէն: Այս առումով` Լիբանանի ժողովուրդը ինչպիսի՞ դասեր քաղած է իր երբեմնի եղբայրասպան պատերազմի (1975-1990) ահաւորութենէ:

Յետպատերազմեան շրջանի (1990-2020) Լիբանան կոչուած հողատարածքին վրայ ապրող ժողովուրդը, իր այս կամ այն քաղաքական վերնախաւով, ինչո՞ւ շարունակեց ապրիլ կեղեքումի եւ աւազակութեան յորձանուտին յանձնուած, հակառակ ստորնութիւններու տեսականին իր մորթին վրայ զգալով:

Հասանք այն օրը, երբ պետութիւնը իր համակարգով փուլ եկաւ, սնանկացաւ,  սովի ու համաճարակի սպառնալիքներու տակ աւելի խեղճացաւ եւ յանկարծ, ճնշուած ու հոգեմաշ առօրեայի մը կիզակէտին, պատահեցաւ նաւահանգիստի պայթումը:

Պայթում մը, որ կարծես խտացուց 15 տարուան եղբայրասպան պատերազմին օրագրութիւնը: Պայթում մը, որ եզակի էր իր «վայրագ»-ութեամբ, տարողութեամբ եւ «անմարդկայն»-ութեամբ: Չզարմանալ, այստեղ, ածականներու չակերտումը, այլապէս ալ անոնց մասին ըսելիք ու գրուելիք մտածումներ կան, անշուշտ, հետագային:

Ի դէպ, վայրագ էր պայթումը, որովհետեւ լաւապէս «ծրագրուած» էր: Անմարդկային էր, որովհետեւ կաշառքը կուրցուցած էր փտածի աչքն ու սիրտը: Թող օր մը արդարութիւնը փաստէ ըսուածին հակառակը, որպէսզի փարատին արդար հարցադրումները եւ հանդարտին բոլորիս խղճերը:

Արդարեւ, այդ օր Պէյրութ մայրաքաղաքը ականահարուեցաւ…:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մազապուրծ ազատած երիտասարդ մը, վերյիշելով կատարուածի ահաւորութիւնն ու անոր հետեւանքը, կ՛ըսէ. «Պէյրութը լռեց…», այլ խօսքով, պահ մը բնաջնջուեցաւ, զգետնուեցաւ հաւաքական կեանք մը ամբողջ եւ լռութիւն տիրեց… համատարած:

Աւելի՛ն. այդ լռութիւնը առաւել ահագնացաւ, երբ յաջորդ առաւօտ ժողովուրդը իր թմբիրէն արթնցաւ եւ տեսաւ պատահածին սահմռկեցուցիչ տարողութիւնը: Իրօք, պայթումին պատճառած յետցնցումային անդրադարձերը, սապէս, մարդկութեան ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելով հանդերձ, լիբանանցին, մանաւանդ պայթումէն ուղղակի վնասուողը, կարծես միանգամայն լռեց, ոչ թէ միայն ամոքելու իր ցաւն ու հարազատի ողբը, այլեւ` զսպելու իր ներաշխարհին մէջ խլրտացող ցասումը, սուր ճիչն ու լեռնացած պոռթկումը: Այո՛, հրաբխային պոռթկում մը, որուն «լաւան» չենք գիտեր, երբ պիտի արձակուի, ի՛նչ ուժգնութեամբ եւ ինչպիսի՛ ուղղութեամբ:

«Պէյրութը լռեց…»:

Իրաւացի բնորոշում, որ երկու բառով կը խտացնէ մայրաքաղաքի սրտին պատահած երկրաշարժ-պայթումին ուժգնութիւնը:

Արդ, հարցադրել է պէտք, թէ արդեօք կարելի՞ է ամբողջ քաղաք մը, իր տարբեր արուարձաններով լռութեան մատնել, այսինքն` կործանել, մահ ու աւեր սփռել, ահ ու սարսափ տարածել, այդ ալ ակնթարթի մը ընթացքին: Այո՛, կարելի է:

Փաստօրէն, լիբանանցին (մեծ ու փոքր) ապրեցաւ ու իր սեփական յիշողութեան պաստառին վրայ եւ արդի պատմութեան էջերուն արձանագրեց, հաւանաբար, դարուս ամէնէն դժբախտ եւ անըմբռնելի ոճիրը, որուն պատճառն ու ծալքերը ցարդ կը մնան, ու, ցաւ ի սիրտ, պիտի մնան անբացատրելի եւ խիստ խորհրդաւոր:

Տեղին է արձանագրել, ներողամտաբար, որ պայթումին ահագնութեան առընթեր կայ մետալին միւս երեսը` արդարադատական գործընթացներու թէ պետական այրերու  տոնգիշոտութիւնը կամ ջայլամի քաղաքականութիւնը:

Պահ մը զերծ մնալով այս ոճիրին լոյսին տակ արձանագրուած ամուլ խօսքերէն ու կեցուածքներէն, էականը կը մնայ այն, որ ինքնախաբէութիւնն ու մարդոց վրայ խնդալու վատոգի սովորութիւնը դեռ կը յամենայ` աւատապետերու թէ աւազակապետերու սարքած թատրոնի ներկայացումով:

Անհեթեթի թատրոն մը, որ կարծես վերջ չէ գտած, ափսո՜ս: Միւս կողմէ, սակայն, համայնքայնութեամբ շնչող եւ ապրող լիբանանցի հասարակութիւնը (մեծ տոկոս) սիրահարած է (վաղուց անտի) զինք սպաննողին, եւ, իր կարգին, կը յամենայ վստահիլ այս անգամ օտարին (ուժեր ու պետութիւններ) լոլոզախառն խօսքերուն:

Ու այս երկրին` Լիբանանի «գեղեցկութիւն»-ը կը շարունակէ հմայել մեզ:

Պատճա՞ռը… կը մնայ անհասկնալի:

Դառն երեւոյթը այն է, որ ոչ մանկական եւ ոչ ալ դաստիարակիչ հեքիաթ մը եւս աւելցաւ Լիբանանի երկնակամարին վրայ: Այդ «հեքիաթ»-ը հնացած նաւու մը պատումն էր, որ բեռնաւորուած էր «պարարտացուցիչ» պայթուցիկ ռումբով եւ դիպուածով մը յայտնուած էր փտած ու կաշառակերութեամբ յագեցած երկրի մը բացօթեայ ջուրերուն մէջ: Իսկ լիբանանցի «մարդակեր» պաշտօնեաներ, խղճացած են նաւապետին ու անոր հնամաշ նաւուն եւ անոր արտօնած, որ կայք հաստատէ Պէյրութի հիւրընկալ նաւահանգիստը:

Եւ դիպուածով մը տեղի կ՛ունենայ պայթումը: Դարուս մեծագոյն ոճիրը:

Անհեթեթի «գեղեցիկ» ու «ճոխ» պատկեր մը եւս. կայ ոճիր, չկայ ոճրագործ, կայ աւազակութիւն, չկայ աւազակ(ներ), կայ փտածութիւն, չկայ արդարադատ(ներ), կայ ահաւոր կաշառակերութիւն, չկայ բանտ (բանտեր) ու մասամբ նորին: Վերջ հեքիաթի:

Այդուհանդերձ, մնայուն են վշտակիր մարդոց խոր ցաւերը եւ վերապրողներու սրտին ու հոգիին մէջ հրաբխային պոռթկումի ճիչերը:

Ճիչե՜ր, որոնք օր մը, իրենց սաստկութեամբ պիտի զգետնեն ոճրագործներու սրտերը եւ լռութեան մատնեն կեղծ արդարութիւն «քարոզ»-ող հտպիտները:

Ի զուր չէ հնչած, ատենին, լիբանանցի տաղանդաւոր երգահան ու յօրինող Զիատ Ռահպանիի սա դիպուկ խօսքը. «Լիբանան ձախող երկիր է»: Ի հարկին, կարելի է աւելցնել, որ ձախողութեան հիմնական պատճառը, իր «քաոս»-ի մտայնութեամբ եւ ձախաւերութեամբ յատկանշեալ լիբանանցին է:

Անշո՛ւշտ, բացառութիւնը միշտ յարգելի է:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Ահաւոր Պայթումի Անմեղ Նահատակները Կը Գոռգոռան` «Ո՞ւր Է Արդարութիւնը»

Յաջորդը

Խլուած Երազներ…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.