Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԴԱՏԱԽԱԶ ՇԱՊԹԻՆԻ ԱՏԱԿ Է, ՍԱԿԱՅՆ ՄԵՆՔ ԱՆՈՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՉԵՆՔ ԱՌԱՋԱԴՐԱԾ»

February 8, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` կառավարութեան դիմագրաւած տագնապը:

Նախագահելէ ետք համախմբումին նիստին, համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետական նշանակումները կը կատարուին երկրին գործադիր իշխանութեան կողմէ, այսինքն` կառավարութեան կողմէ: Իսկ հանրապետութեան նախագահը կը նախագահէ կառավարութեան նիստին, առանց այդ նիստին ընթացքին ձայն ունենալու:

«Մեր մաղթանքն էր, որ հանրապետութեան նախագահը գերազանցէ բոլոր համայնքներուն եւ կառավարութեան նիստին ընթացքին իրաւարարի դերակատարութիւն ունենայ, սակայն ան կողմնակալութիւն կը կատարէ եւ այդ պատճառով ալ օրին կասեցուց կառավարութեան կազմութեան ընթացքը, որպէսզի կառավարութեան մէջ քաղաքական որոշ ուղեգիծի պատկանող երեք նախարարներով ներկայացուի եւ դառնայ կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Ալիս Շապթինի ատակ դատախազ է, սակայն իրենք չէ որ անոր թեկնածութիւնը առաջադրած են:

Ան նշեց, որ փորձառութեան առումով հինէն ի վեր նոյն մարզին մէջ ըլլալու նուազագոյն չափ մը կայ: Այս ծիրին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահն ալ ամէնէն հինը չէր, երբ ան լիբանանեան բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ: Նոյնն է պարագան նաեւ դատական ոստիկանութեան ներկայ հրամանատարին, ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ վարչապետը իր իրաւասութիւնները գերազանցած է եւ կ՛ուզէ իր կարծիքը պարտադրել, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութիւնը խախտած է: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք վարչապետին կառավարութիւնը նիստերու հրաւիրելու եւ հարց կու տանք անոր, թէ ինչո՞ւ ընդհատած է կառավարութեան վերջին նիստը: Երկրին սահմանադրութեան խախտումը ամօթ է», շեշտեց զօր. Աուն:

Ան նկատել տուաւ, որ շիի, տիւրզի եւ սիւննի համայնքներու նախարարներուն հետ իշխանութիւնը հեզասահ կ՛ընթանայ բացի մեզմէ: «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մեզի հանդէպ ոչ մէկ նախաձեռնութիւն առաջադրած է, ընդհակառակն` ես է, որ յարմարած եմ իրեն եւ իրեն հանդէպ նախաձեռնութիւններ առաջադրած եմ: Հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ մեղսակցութիւնը կ՛անդամալուծէ իշխանութիւնը: Անոնք չեն փափաքիր, որ մենք իշխանութեան մէջ առաջնակարգ դիրքերու հասնինք», ընդգծեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

ՄԱՄԼՈՅ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՈՒԼԻՍ` ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.