Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Երբ Անգլուխ Է Դիւանագիտական Համակարգը…

July 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յուլիս 10-ին հաւանաբար տարբեր պիտի ըլլար ստեղծուած պատկերը, եթէ հայրենի դիւանագիտական մեքենան գործի լծուէր կասեցնելու կամ ըստ կարելւոյն ձախողեցնելու համար Պաքուի կողմէ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու խումբ մը ներկայացուցիչներու բերդաքաղաք Շուշի այցելութիւնը:

Եղածը կարելի չէ բաղդատել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Շուշի այցելութեան հետ` Ալիեւի ընկերակցութեամբ: Թրքական տրամաբանութեամբ, ատիկա «բնական» էր: Ի վերջոյ, երկու բռնապետ «եղբայրները» միասնաբար ԾՐԱԳՐԱԾ եւ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ էին Արցախի վրայ յարձակումը: Մինչդեռ, օտար դիւանագէտները Շուշի հրաւիրելով եւ առաջնորդելով, Պաքու միջազգային ընտանիքի աչքին պաշտօնապէս կ՛օրինականացնէր Արցախ ներխուժումն ու անվիճելիօրէն հայկական հողատարածքներու բռնագրաւումը: Այո՛, Շուշին եւ միւս խլուած հողամասերը հայկական են, եւ սա վէճ չի վերցներ, որքան ալ որ գտնուին այլասերածներ, որոնք «դժբախտ ու տժգոյն» որակեն հայկական մշակոյթի միջնաբերդներէն մէկը:  Սակայն, «անտառի օրէնքին քաղաքականութիւն»-ը կրկնուեցաւ կովկասեան բարձրաւանդակի հայկական տարածքին, եւ համաթուրանականութեան արիւնկզակ գորշ գայլը անգամ մը եւս իրականացուց այդ «օրէնքը»:

Այցելութեան ծանօթ «արարողութեան» ի տես, Երեւան Պաքուի քարոզչութեան ընդառաջող երկիրներու ներկայացուցիչները հանդիպումի հրաւիրեց. անոնց փոխանցուեցան իրենց կառավարութիւններուն ուղղուած գրութիւններ, ուր կը բացատրուի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացարձակապէս անընդունելի կը նկատէ Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այցելութիւնը` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ: Արդար եւ տեղի՛ն հակադարձութեան այս հանդիպումը տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան երդիքին տակ… առանց նախարարի, կարծէք թէ պարզունակ պարտականութիւն մը կատարելու տրամադրութեամբ:

Բացայայտ է, որ Հայաստանի այլապէս լաւ քայլը ուշացած էր (այս իշխանութեան օրով, նուիրականացած է «ուշացած աշակերտ»-ի վարմունքը): Փաստօրէն, այցելութեան ծրագիրը բացայայտուած էր այնքան ժամանակ առաջ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի անդամ երկիրներուն` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դիւանագիտական ներկայացուցիչները (զարմանալիօրէն նաեւ Մեծն Բրիտանիան, մութ հաշիւներու պատճառաւ)  կտրուկ կերպով մերժած էին մաս կազմել պատուիրակութեան, եւ մանր աղմուկ մը բարձրացուցած էին անկախ Հայաստանէն:

Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ երկրի մը արտաքին գործոց նախարարութիւնը նո՛յնքան առաջնահերթ է, որքան ներքինը, պաշտպանութեանն ու այլ բանալի նախարարութիւններ: Արտաքին բեմին վրայ յարաբերական աշխատանքը, իր լոպիինկով, փրոթոքոլային յարաբերութիւններով եւ հասարակական կապերով (փապլիք ռիլէյշընզ) անխուսափելիօրէն ու բացառապէս մեծ դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ունի քաղաքական  անցուդարձերուն եւ իրադարձութիւններուն  վրայ:

Դիւանագիտական ճկուն գործունէութիւնը կրնայ նոյնիսկ լուծել հանգոյցներ, անել կացութիւններ եւ անլուծելի երեւցող հարցեր:

Արտաքին գործոց նախարարութիւն մը կրնայ ժամանակավրէպ դառնալ միայն ու միայն այն ատեն, երբ աշխարհը դառնայ… մէկ երկիր: Աներեւակայելի կացութիւն մը, Ճոն Լեննընեան «Imagine» մը, որ գոյութիւն ունի միայն իբրեւ երգ եւ երազ: Նոյնքան անիրականանալի է, երբ երկիր մը կարենայ գրաւել աշխարհը` ստեղծելով ամբողջական մենատիրութիւն մը (Հիթլէրի փորձը անոնցմէ էր): Երբ չկան բազմաթիւ երկիրներ, ալ ի՞նչ խօսք ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան մասին: Եւ սակայն, Հայաստան ներկայ բարդ աշխարհին մէջ գործնապէս նսեմացուցած է արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտը, աւելի քան մէկուկէս ամիսէ ի վեր արտաքին գործոց նախարար չունի (չխօսինք բանակին նսեմացման մասին):

Աւելի մելան չհոսեցնենք եւ անհիմն ու անհեթեթ օրինակներ չներկայացնենք բացատրելու համար դիւանագիտութեան գործօնին` նախարարով մը օժտուած արտաքին գործոց նախարարութեան ոլորտին կարեւորութիւնը:

Աւելորդ չ՛ըլլար, եթէ կրկնենք, որ դժբախտաբար տարապայման շաբաթները իրարու վրայ կուտակուեցան, կազմեցին ամիսներ. 44-օրեայ պատերազմէն ետք Մնացականեան մը «խոյս տուաւ», շուտով գտնուեցաւ փոխնորդ Այվազեան մը, մի՛շտ ծածկելու համար անտիրութեան դաժան իրականութիւնը. եւ ահա, այս տարուան մայիսի վերջերէն ի վեր, այդ ալ` յետպատերազմեան արտակարգ կացութեան մէջ,  պետութեան ամենակարեւոր կառոյցներէն` արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնապէս կը մնայ անտէր եւ անտիրական, անգլուխ:

Կ՛արժէ անգամ մը եւս հնչեցնել հրաժարեալ նախարար Արա Այվազեանի հրաժեշտի ահազանգային խօսքերը. «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի կրնար համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, որոնք մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են… Հրաժարականի որոշումս պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որպէսզի երբեք որեւէ կասկած չըլլայ, թէ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ-որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ-որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»: Այս խօսքերը ահաւասիկ նոր հնչեղութիւն կը ստանան օտար դիւանագէտներու Շուշի այցելութեան լոյսին տակ, երբ Հայաստան գործնապէս կը մնայ… անգործ, կը բաւականանայ յուշագիր մը բաժնելով հիւր դիւանագէտներու: Իսկ պէ՞տք է նաեւ յիշեցնենք, որ երկու ամիսէ ի վեր, աւելի քան հազար ազերի զինուոր առօք-փառօք նստած են Հայաստանի հողերուն վրայ, եւ Երեւանի մէջ խօսքն իսկ կ՛արձակուի տկար(ամիտ)ի տրամաբանութեամբ:

Ազրպէյճան պիտի շարունակէ շատ աւելի յարձակողական ձեւով իր քարոզչական գործունէութիւնը, հայկական հողերու իւրացման նուիրականացումը. նոր քարտէսներ «շուկայ կը հանէ» ցոյց տալու համար, որ Հայաստանէն որքա՜ն տարածքներ խլելու ծրագիրներ ունի: Ասդին, Երեւանի դիւանագիտութիւնը թմբիրի մէջ է եւ թմրեցուցիչի մոլիի մը անիրական երանութիւնը կ՛ապրի կարծէք, իսկ բանալի նախարարի աթոռն ալ կը պահուի թափուր:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Շրջանաւարտ Հունձքերը Զարդարեցին Մեր Բեմերը

Յաջորդը

Ե-Ֆորում. Համազգային Ֆորումը` Ելեկտրոնային Երկօրեայ Հաւաք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.