Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Իւ Ապահովական Գահավիժումի Մտավախութիւններուն Առընթեր. Կոչերն Ու Ճիգերը Կը Շարունակուին Շուտափոյթ Լուծման Գծով

July 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումէն չորս օրեր ետք, Լիբանանի կացութիւնը կը շարունակէ օր ըստ օրէ դէպի յաւելեալ գահավիժում ընթանալ: Արդարեւ, ներքին, ընկերային, ապրուստի, կենցաղային, առողջապահական, քաղաքական ու ապահովական անկայունութեան սպառնալիքները գրեթէ ամէնօրեայ մտահոգութիւն դարձած են: Իսկ շաբաթավերջին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան այն զգուշացումը, թէ` «կը մօտենանք մեծ բռնկումի սեմին», առաւել շեշտակի դարձուց ընկերային բռնկումի վտանգը, որուն պարզապէս մանրանկարներն են` Լիբանանի  զանազան շրջաններուն մէջ յաճախակիօրէն կրկնուող միջադէպերն ու յարձակումի երեւոյթները, որոնք երբեմն մահացու հետեւանք կ՛ունենան: Այս մտահոգութիւններուն կողքին, արտաքին սպառնալիքները նոյնքան մտահոգիչ են: Փաստօրէն, լիբանանցի «փտած ու թերացող» վարիչներուն դէմ ուղղուած եւրոպական պատժամիջոցներու ընթացիկ յուլիսի աւարտի ժամկէտէն, մինչեւ կարգ մը երկիրներու կողմէ Լիբանանի օժանդակութեանց առկախումը` սպասելով խոստացուած բարեկարգումներու իրագործման: Աւելի՛ն, Միացեալ Նահանգներ քանի մը օրեր առաջ զգուշացուցին Լիբանանի մէջ ապահովական կացութեան բռնկումէն: Իսկ իրազեկ աղբիւրներու համաձայն,  Իսրայէլ իր բարեկամներուն «թելադրած» է ոչ իսկ տոլար մը առաքել Լիբանան` իբրեւ պատիժ: Իսկ իսրայէլացի վարիչներ վերջերս յաճախակիօրէն կը կրկնեն, թէ «Լիբանանի դէմ պատերազմը ժամանակի հարց է»: Իսրայէլեան այս վարքագիծը նորութիւն չէ Լիբանանի նկատմամբ: Փաստօրէն, մօտիկ անցեալին, Իսրայէլի մէջ գումարուած ժողովի մը ընթացքին որոշուած է «խախտել թշնամի երկիրներու կայունութիւնը»: Վերջին ամիսներու (չըսելու համար տարիներու) դէպքերը որոշ չափով կասկածները կ՛ուղղեն այդ ուղղութեամբ:

Այս բոլորին զուգահեռ ներքին թէ արտաքին կոչերը կը շարունակուին` երկիրը շուտափոյթ լուծման առաջնորդելու գծով: Այս իմաստով նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն շաբաթավերջին  հաղորդակցութեան մէջ մտաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ` դատապարտելով վերջերս Թրիփոլիի դէմ բանակին վրայ կատարուած յարձակումները: Խազեն շեշտեց, որ «բանակը կարմիր գիծ է»:

Նմանապէս, Արաբական խորհրդարանի նախագահ Ատել Պըն Ապտել Ռահման Ասումի ընդգծեց, որ լիբանանեան կառավարութեան կազմութիւնը անյետաձգելի պահանջ է` կոչ ուղղելով երկրի վարիչներուն շուտափոյթ քայլերու դիմելու կառավարութեան կազմութեան գծով:

Լիբանան Վճռած Է Յաղթահարել
Խոչընդոտները

Այս բոլորի լոյսին տակ Լիբանան վճռած է յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները եւ շարունակել փրկարար ճիգերը: Այս ծիրին մէջ երէկ երեկոյեան պատկերասփիւռի «Օ.ԹԻ.Վի.» եւ «Մանար» կայանները հաղորդեցին, որ նախագահ Միշել Աուն, այսօր` երկուշաբթի, 19 յուլիսին պիտի հրաւիրէ երեսփոխանական խորհրդակցութեանց: Կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները տեղի ունենան 26 յուլիսին: Վարչապետի թեկնածութեան գծով անուններու երկար ցանկ մը կայ, ինչպէս` Նեժիպ Միքաթի, Ֆայսալ Քարամէ, Ժաուատ Ատրա, Նաուաֆ Սալամ, Ֆուատ Մախզումի, Հասսան Տիապ եւ Մուսթաֆա Էտիպ: Ոմանք նոյնպէս Սաատ Հարիրին կ՛աւելցնեն այս ցանկին:

Այլ խօսքով` Լիբանան ժամանակին եւ անկիւնադարձային ժամկէտներու հետ մրցումի մէջ է ու կը փորձէ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կազմել նոր կառավարութիւնը, թէեւ կարգ մը աղբիւրներ աւելի յոռետես մօտեցում ունին եւ կը «պնդեն», թէ նոր կառավարութիւն չկայ եւ կատարուածը ժամանակի վատնում է եւ թէ Հասսան Տիապի կառավարութիւնը պիտի վերաշխուժացուի եւ շարունակէ իշխել մինչեւ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները` մայիս  2022: Սակայն այլ աղբիւրներու համաձայն, աշխատանք կը տարուի երեսփոխանական ընտրութիւններու թուականը կանխել եւ զայն կայացնել փետրուար 2022-ին, փոխան մայիսին: Իսկ զօր. Մուսթաֆա Համտան երէկ գիշեր պատկերասփռուած յայտարարութեամբ հազիւ յառաջիկայ հոկտեմբերին նախատեսեց կառավարութեան կազմութիւնը:

Սակայն նախքան այս բոլորը, ամէնէն հիմնական մօտալուտ ժամկէտը 4 օգոստոսն է, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի առաջին տարելիցին օրը: Այս գծով եւրոպական աղբիւր մը անհրաժեշտ նկատած է կառավարութիւնը կազմել նախքան 4 օգոստոսի ժամկէտը:

Ամէնէն առաջ սակայն Լիբանանի վարիչները պէտք է ընդառաջեն լիբանանցիներու համբերութեան ժամկէտին, որ կրնայ բռնկիլ որեւէ պահուն: Արդարեւ, լիբանանցիներու 77 առ հարիւրը անզօր եւ անկարող է տարրական սննդեղէն գնելու, ինչպէս որ հրապարակած էր վերջերս ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մէկ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Իր Երդմնակալութեան Արարողութեան Ընթացքին. «Սուրիական Բռնագրաւուած Մնացեալ Հողերը Ահաբեկչութենէն, Ամերիկեան Եւ Թրքական Ուժերէն Ազատագրելը Մեր Առաջնահերթ Մարտահրաւէրն Է» Կ՛ըսէ Պաշշար Ասատ

Յաջորդը

Նետերլանտներուն Մէջ Գործող Հայկական Կազմակերպութիւնները Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Բացատրութիւն Պահանջած Են Դեսպանի` Շուշի Այցելութեան Վերաբերեալ

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.