Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Վատիկան

July 1, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 30 յունիս 2021-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Վատիկան, մասնակցելու Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին` Ֆրանչիսկոս պապին ներկայութեան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, 1 յուլիսին, եւ պիտի բաղկանայ երկու մասէ` Լիբանանի ներկայ կացութեան քննարկում եւ Լիբանանի զօրակցութեան նուիրուած հրապարակային արարողութիւն:

Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին առաջին բաժինին խօսք պիտի առնեն Ֆրանչիսկոս  պապը, վեհափառ հայրապետը եւ Ռայի պատրիարքը: Ընդառաջելով պապին առաջարկին` վեհափառը պիտի խօսի Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տնտեսական-քաղաքական կացութեան եւ անկէ դուրս գալու կարելիութիւններուն մասին, իսկ Ռայի պատրիարքը պիտի խօսի եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասին:

Յիշեալ ժողովի նախաձեռնութեան մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւոր դեր ունեցաւ` շուրջ երկու ամիս առաջ պապին ուղղած իր նամակին ճամբով: Թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ եւրոպական ու վատիկանեան լրատու աղբիւրները յատուկ կերպով անդրադարձան վեհափառ հայրապետին ունեցած դերակատարութեան` միաժամանակ հարցազրոյցներ ունենալով անոր հետ:

Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Ռայի պատրիարքը երէկ  յատուկ օդանաւով մեկնեցան Հռոմ ու պիտի վերադառնան ուրբաթ, 2 յուլիսի կէսօրին: Վեհափառ հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան:

Նախորդը

Դպրեվանքի 90-Ամեակի Հունձքը Ուղղուեցաւ Ժողովուրդին Յանձնառութեամբ Ծառայելու Առաքելութեան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 21, 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.