Միացեալ Նահանգներ նուիրուած են Հայաստանի հետ գործընկերային յարաբերութիւններու ամրապնդման: Այս մասին «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
Անոր համաձայն, Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը կը կայանայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու եւ տագնապներու լուծման ոլորտներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեամբ:
«Կը շնորհաւորեմ Հայաստանի ժողովուրդը եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը խորհրդարանական ընտրութիւններու բարեյաջող կայացման առիթով: Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը կը կայանայ ընդհանուր արժէքներու եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ու տագնապներու լուծման ոլորտներուն առումով համագործակցութեան մէջ: Մենք նուիրուած ենք այդ գործընկերութեան ամրապնդման», գրած է Պայտըն:



