Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովրդային Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակեն Մեղմ Թափով Յառաջանալ, Իսկ Վառելանիւթի Սակը Կը Գտնուի Ճշդուելու Սեմին

June 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ երկրին մէջ տիրող ապրուստի ծանր պայմաններուն ճնշումին տակ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը կը շարունակեն մեղմ թափով յառաջանալ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ 24 ժամերուն ընթացքին պիտի վերադառնայ Պէյրութ, ուր մինչեւ չորեքշաբթի օր պիտի առաջադրէ կառավարութեան նոր կազմ մը, որուն մաս կը կազմեն 24 նախարարներ:

Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, 24 նախարարները բաժնուած պիտի ըլլան չորս վեցերու, որուն հիման վրայ նախարարներու իւրաքանչիւր վեցեակի չափաբաժինը պիտի յատկացուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, Հարիրիի եւ քաղաքացիական ընկերութեան:

Նոյն տեղեկութիւններուն համաձայն, ծառայութիւններու, ուժանիւթի, հաղորդակցութեան միջոցներու, հանրօգուտ շինութեանց, ելեւմուտքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւններուն պարագային, նախարարներու նշանակումին մասնակից պիտի դառնան Ֆրանսան եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:

Միւս կողմէ, շաբաթավերջին Լիբանանի տարածքին պենզինի բոլոր կայարանները յայտարարեցին, թէ պիտի փակեն իրենց դռները մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ, որպէսզի վառելանիւթի նոր սակացոյցին հիման վրայ վաճառեն վառելանիւթը:

Շաբաթ կէսօրին ամերիկեան տոլարի սակը հասաւ 18.000 լ. ոսկիի. իրականութիւն մը, որ քաղաքացիները մղեց փողոց, իսկ վաճառատուները` փակելու իրենց դռները:

Տիրող տնտեսական տագնապին եւ հետզհետէ վատթարացող ապրուստի պայմաններուն դէմ ժողովրդային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, բացի Թրիփոլիէն, ուր աւելի կատաղի կերպով կը գործադրուին անոնք` ապահովութեան ուժերուն հետ ստեղծելով բախումներ եւ պատճառելով մարդկային ու նիւթական վնասներ:

Թրիփոլիի Թալ շրջանին մէջ ցուցարարներուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ արձանագրուեցան բախումներ:

Աւելի ուշ մոթորսիքլեթով ցուցարարներ բանակայիններուն վրայ նետեցին ձայնային ռումբեր եւ քարկոծեցին զանոնք. այս արարքներուն պատճառով վիրաւորուեցան 10 զինուորներ:

Նուր հրապարակին վրայ դարձեալ արձանագրուեցան բախումներ` բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ, պարզ այն պատճառով, որ բանակը կը փորձէր պետական եւ սեփական կալուածները պաշտպանել ցուցարարներուն  խուլիկանութեան վերածուած զայրոյթէն:

Թրիփոլիի մէջ ցուցարարները յարձակեցան նաեւ շրջանի դրամատուներուն վրայ եւ փշրեցին անոնց ապակիները: Անոնցմէ ոմանք ուղղուեցան երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի բնակարանը, որուն շրջակայքը ստեղծուեցաւ հսկայ իրարանցում մը, որուն լոյսին տակ ի յայտ եկաւ, որ Քապպարայի բնակարանին պահակները կրակ բացած են ցուցարարներուն վրայ եւ ցրուած զանոնք:

Նշենք, որ Թրիփոլիի կարգ մը շրջաններուն մէջ զինեալներ օդը կրակելով ճնշումներ բանեցուցին վաճառատուներու եւ ճաշարաններու սեփականատէրերուն վրայ` փակելու ամէն բան եւ ուղղուելու բնակարան:

Սայտայի մէջ ցուցարարներ փակեցին քաղաքին հիւսիսային շրջանը, Նահատակաց հրապարակը, ինչպէս նաեւ ներխուժեցին ջուրի ընկերութեան շէնք` բանալով կեդրոնին մայր դարպասը:

Լիբանանեան բանակը արգիլեց անոնց մուտքը ջուրի ընկերութեան կեդրոն եւ փորձեց զանոնք դուրս հանել շրջափակէն: Արձանագրուեցան վիրաւորներ:

Նասըրական շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ միջամտեց պաշտպանելու ցուցարարները եւ հաստատելու, որ ժողովրդային շարժումները միակ ուղին են հասնելու իշխանութեան եւ փոփոխութիւն բերելու երկրին` տապալելով փտածութեան համակարգը:

Ուշ երեկոյեան ցուցարարներ փակեցին Ռինկի կամուրջը, Նահր Քալպի մայրուղին, Ռայաք-Պաալպեք ճամբան, քուէյթեան դեսպանատուն տանող ճամբան, Զահրանիի մայրուղին, Հարաւային արուարձանները, Թաալպայայի ճամբան, Ժտիթա-Պար Էլիաս-Մարժ-Սաատնայէլ ճամբան:

Հրկիզուող անիւներով փակուեցան նաեւ Տորայի մայրուղին, Ժնահը, Քոռնիշ Մազրաան, Պասը, Ապպասիէն, Սուրի մայրուղին, Նապաթիէ տանող մայրուղին, Զահլէի ճամբան, Շթորան, Մարզական աւանն ու Նահատակաց հրապարակը:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան 6:00-էն սկսեալ ցուցարարները դարձեալ փակեցին կարգ մը շրջաններու ճամբաները:

Ցուցարարները փակեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, Տըքուէյնէն, Սին Էլ Ֆիլը, քուէյթեան դեսպանատան հրապարակը, Մընիէն, Մասնաայի ճամբան, Ժտիթան, Ժիպէյլի մայրուղին, Ժիէի մայրուղին եւ Սայտայի ճամբաները:

Սայտայի մէջ ցուցարարները փորձեցին ներխուժել շրջանի քաղաքապետարանը, սակայն բանակը արգելք հանդիսացաւ անոնց:

Անպաշտօն աղբիւրներ հաստատեցին, որ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին մեծ թիւով ցուցարարներ պիտի ուղղուին տարբեր շրջաններ եւ պիտի փակեն ճամբաները` դիմելով մագլցողական քայլերու: Օրը կոչուեցաւ «Զայրոյթի երկուշաբթի»:

Աւելցնենք, որ երէկ Լիբանանի տարածքին տեղի ունեցան ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու սենտիքայի ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքներուն համաձայն, սենտիքայի եօթը բաժանմունքներէն վեցին մէջ յաջողութիւն արձանագրեցին «Ալնիքապա թանթաֆետ» ընտրացանկերը, որոնք կը վայելէին քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններու զօրակցութիւնը:

Նախորդը

Հարիրի – Էրտողան Հանդիպում

Յաջորդը

Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը Ամփոփեց Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքները

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.