Ֆրանչիսկոս պապը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է աշխարհի զանազան շրջաններուն, որոնց շարքին Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Կովկասի մէջ չդադրող տագնապներու նկատմամբ: Ան մասնաւորաբար մտահոգութիւն յայտնած է Արցախի կացութեան նկատմամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Պապը 24 յունիսին, Վատիկանի մէջ դիմելով Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու օգնութիւն ցուցաբերող ՌՕԱՔՕ կրօնական կազմակերպութեան անդամներուն, մասնաւորապէս յիշեցուցած է 2016-ին Հայաստան կատարած իր այցելութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ աղաւնիներ թռցուց երկինք` «իբրեւ խաղաղութեան մաղթանք Կովկասի ամբողջ շրջանին»:
«Դժբախտաբար, վերջին ամիսներուն այս շրջանին դարձեալ վէրքեր հասցուած են: Եւ այդ պատճառով ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի այն ուշադրութեան համար, որ դուք յատկացուցած էք Վրաստանին եւ Հայաստանին, որպէսզի կաթողիկէ համայնքը շարունակէ աւետարանական կեանքի նշան եւ խթան մնալ», ամփոփած է Հռոմի եպիսկոպոսապետը:
Պապը նաեւ կոչ ուղղած է ականջ տալու «աշխարհի բազմաթիւ կողմերէն լսուող ճիչերուն, յատկապէս եկեղեցիներու եւ այն երկիրներուն կողմէ, որոնց համար կ՛աշխատին»:
«Սուրիայէն բխող ճիչը միշտ լսելի է Աստուծոյ սրտին մէջ, սակայն կ՛երեւի` ատիկա ի վիճակի չէ դպչիլ սրտերուն մարդոց, որոնց ձեռքերուն մէջ են ժողովուրդներու ճակատագիրները», ընդգծած է Ֆրանչիսկոս պապը:
Ան «գայթակղութիւն» կոչած է այն փաստը, որ սուրիական ճգնաժամը կը շարունակուի արդէն տասը տարիէ ի վեր, յանգեցնելով բազմաթիւ զոհերու եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներու: Անոր համաձայն, երկրի վերականգնման համար կը շարունակուին պակսիլ «այդ տառապեալ ազգի բարեկամութեան ուղղուած խիզախ որոշումները»:



