Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ կը շարունակուի 14 հայ պատերազմական գերիներուն դէմ քրէական գործով հերթական դատավարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հաքքին» կայքը` մանրամասնելով, որ Ազրպէյճանը զանոնք կը մեղադրէ «ներթափանցման» եւ «ահաբեկչութեան» յանցանքով:
Մեղադրական եզրակացութիւնը յայտարարուած է դատաւոր Աֆկան Հաճիեւի նախագահութեամբ կայացած նիստին ընթացքին: Նախապէս հաղորդուած էր, որ աւարտած է Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան քննչական ընդհանուր վարչութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործով նախաքննութիւնը:
Հրաչ Արզումանի Աւագեանի, Գեղամ Սամուէլի Սերոբեանի, եւ միւս պատերազմական գերիներուն (ընդհանուրը` 14 մարդ) դէմ քրէական գործի քննութիւնը աւարտած է եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազի տեղակալին կողմէ հաստատուած մեղադրական եզրակացութեան հետ ուղարկուած է դատարան` քննարկման:
Լրատուամիջոցը կը գրէ, որ հայ գերիներուն նկատմամբ Պետական անվտանգութեան ծառայութեան քննչական ընդհանուր վարչութեան կողմէ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ իբրեւ թէ «Հայաստանի խումբ մը քաղաքացիներ ապօրինի կերպով զէնք ու զինամթերք ձեռք բերած են եւ ստեղծած օրէնքով չնախատեսուած զինեալ կազմաւորումներ, որոնց անդամները 2020 թուականի 26-27 նոյեմբերի 2020-ին խախտած են Ազրպէյճանի պետական սահմանը եւ մարտական դիրքեր գրաւած Մարտունիի շրջանի Հատրութ գիւղի հիւսիսարեւմտեան մասին մէջ գտնուող անտառային գօտիին մէջ, ապա մինչեւ 13 դեկտեմբեր 2020 անոնք կատարած են զինեալ յարձակումներ երկրին մէջ տեղակայուած ձեռնարկութիւններու եւ հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ անձերու վրայ»:



