Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւն-Ռուսիա վեհաժողովի կազմակերպման հարցին մէջ համաձայնութիւն չէ գոյացած: Ան յայտարարած է, որ դժգոհ է այդ հարցին մէջ գործընկերներու համարձակութեան բացակայութենէն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Լենթա» կայքը:
Մերքել պատմած է, որ նման վեհաժողով գումարելու վերաբերեալ քննարկումը «դիւրին չէր»: Անոր համաձայն, Պրիւքսելի մէջ ղեկավարները դարձեալ քննարկած են, թէ ի՛նչ պայմաններու պարագային պատրաստ են աշխատելու եւ սերտօրէն գործակցելու Ռուսիոյ հետ: Սակայն խոստովանած է, որ այս հարցին մէջ իր եւրոպացի գործընկերներու մեծ քաջութեան յոյս ունէր:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները մերժած են հանդիպումին հրաւիրել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը:
Նման առաջարկ ներկայացուցած էին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը:



