Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Եւրոպացի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն. Եւրոպական Միութեան Համար Կարեւոր Է Հարաւային Կովկասի Կայունութիւնը

June 26, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ` 25 յունիսին ընդունած է շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ եւրոպական եւ միջազգային հարցերով դաշնակցային նախարար Ալեքսանտր Շալենպերկը, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելիւս Լանտսպերկիսը, Ռումանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոկտան Աուրեսքուն եւ անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները նշած են, որ շրջանային այցելութեան նպատակն է ընդգծել Եւրոպական Միութեան համար հարաւկովկասեան շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու եւ Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան կարեւորութիւնը, կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:

Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի հետ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան առումով դիւանագէտները նշած են, որ այս տարուան դեկտեմբերին նախատեսուող` Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ընդառաջ` կ՛ուզեն տեղեկանալ վեհաժողովէն Հայաստանի ակնկալիքներուն մասին:

Նախագահ Սարգսեանն ու եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտները միտքեր փոխանակած են պատերազմէն ետք երկրին եւ շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակի, յատկապէս` մարդասիրական, սահմանային խնդիրներու շուրջ: Նշած են, որ Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր է շրջանի կայունութիւնը, եւ իրենք կ՛ուզեն ներդրում ունենալ այդ հարցին մէջ:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Ազզրպէյճանի կողմէ անազատութեան մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուտափոյթ վերադարձի հարցին` շեշտելով, որ այս հրատապ խնդիրի լուծման գործին մէջ Հայաստանը կ՛ակնկալէ միջազգային գործընկերներուն աջակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողով. «Անընդունելի Եւ Դատապարտելի Է Ազգը Համախմբող Բարոյական Եւ Պետական Հիմքերուն Խարխլումը»

Յաջորդը

Ռուսիան Սուտանի Մէջ Ռազմակայան Պիտի Կառուցէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.