Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պապին Յղեց Նամակ Մը

June 26, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակի տեղակալ գերապայծառ Ճիուզեփէ Ֆրանքոնին, որուն յանձնեց գրաւոր նամակ մը` յղուած Ֆրանչիսկոս պապին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցիները յոյսով կը սպասեն լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հանդիպումին, որուն հրաւիրած է պապը, Վատիկանի մէջ, հինգշաբթի, 1 յուլիս 2021-ին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կ՛ապրի դժուար պայմաններու մէջ եւ այդ փուլին ընթացքին ան կարիքը ունի քոյր ու բարեկամ պետութիւններուն, որոնցմէ գլխաւորը` Վատիկանի, որ աշխարհին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէ:

Նախագահ Աուն պապին յղած իր նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց` լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը հանդիպումի հրաւիրելուն համար:

Նամակին մէջ նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան իրավիճակին, ինչպէս նաեւ շրջանին եւ աշխարհին մէջ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դերակատարութեան իր գնահատումին:

Ֆրանքոնի իր կարգին հաստատեց, որ պապը յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայէ Լիբանանին, եւ 1 յուլիսի հանդիպումը պիտի ըլլայ առիթ մը` վերահաստատելու Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ Վատիկանի զօրակցական կեցուածքը:

Միւս կողմէ, Վատիկանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Քալիկըր եպիսկոպոս հաստատեց, որ Վատիկան առանձինն չի կրնար զօրակցիլ Լիբանանին, այլ` միջազգային ընտանիքը ամբողջութեամբ պէտք է Լիբանանի կողքին կանգնի:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ 1 յուլիսի հանդիպումին կարեւորութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն նաեւ զօրակցական շարք մը նախաձեռնութիւններ:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու գործակատար Զէյնա Աքըր, որ նախագահին հետ քննարկեց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր, Լիբանան-Սուրիա փոխադրութեան դժուարութիւնները, յատկապէս դեղորայքի ներածումին գծով:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն ընկերակցեցան ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ եւ նախկին նախարար Սալեհ Ղարիպ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ նախագահ Աուն ձեռնարկած է վառելանիւթի տագնապը լուծելու քայլերու:

Արսլան յայտնեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ խօսած է Խալտէի մէջ այսօր երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունենալիք հանդիպումին մասին` աւելցնելով, որ այդ հանդիպումին նպատակն է միջտիւրզիական հարցերուն արմատական լուծումներ գտնել:

 

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Պիտի Զօրակցինք Իրաւունքին, Իսկ Իրանէն Վառելանիւթ Ներածելու Նախաքայլը Առնուած Է»

Յաջորդը

Վառելանիւթի Տագնապը Կ՛ուղղուի Դէպի Լուծում Մը, Որ Լիբանանցի Քաղաքացիին Օրուան Ապրուստի Պայմանները Կը Վատթարացնէ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.