Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երկուշաբթի Օր Պիտի Այցելէ Մարզական Աւան

June 25, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երկուշաբթի, 28 յունիս 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, պիտի այցելէ Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» Մարզական աւան` ստուգելու համար անոր վերանորոգման կարելիութիւնները:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանի պիտի ընկերակցին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ Լիբանանի տարածքին գործող մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ռիատ Շէյխա:

Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարը հրաւիրեց միանալու այդ այցելութեան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ այս այցելութիւնը որոշուած է Մարզական աւանը եւ անոր կարեւորագոյն կառոյցները նորոգելու կարելիութիւնները քննող նիստի մը լոյսին տակ, ուր հաստատուած են նորոգութեան ծախսերը հոգալու իմաստով  նախարարութեան դժուարութիւնները:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան նիստին ընթացքին պնդած է Մարզական աւանը նորոգելու համար նիւթական յատկացումներ ապահովելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ֆութպոլի Լիբանանի ազգային հաւաքականին կողմէ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին մէջ արձանագրած իրերայաջորդ յաջողութիւններուն շնորհիւ Լիբանանի մէջ պիտի կազմակերպուին ֆութպոլի միջազգային խաղեր, իսկ այդ առումով Լիբանան պէտք է ունենայ ֆութպոլի միջազգային մրցումները հիւրընկալող համապատասխան չափանիշներով օժտուած մարզադաշտ մը:

Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուած է, որ նախարարի պաշտօնակատարը կը փափաքի, որ պատկան մարմինները ներկայ ըլլան Մարզական աւան այցելութեան, որպէսզի տեսնեն, թէ ի՛նչ վիճակ կը պարզէ ան:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ նաեւ  երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարարութեան ու խորհրդարանական յանձնախումբին միջեւ աշխատանքի համադրումի կարեւորութիւնը` ապահովելու համար պէտք եղած կարելիութիւնները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին հանդէպ Լիբանան իր բոլոր պարտականութիւնները կատարած է:

Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գումար ապահովելու, որպէսզի ան մարզահամալիրներու խորհուրդին հետ համադրէ մարզական կառոյցները նորոգելու կարելիութիւնները, որպէսզի ֆութպոլի Լիբանանի ազգային հաւաքականը կարենայ հիւրընկալել Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան զտման Գ. մրցաշարքը:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանանի Կացութիւնը Կը Նմանի Միլիառներով Լեցուն Գանձարկղի Մը, Որուն Բանալին Սակայն Կորսուած Է Ատելութեան Մէջ»

Յաջորդը

Քոխավի. «Ապահովական Քաղաքականութեան Առումով Լիբանան Իր Հակակշիռը Կորսնցուցած Է»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.