Վարչապետարանի մամլոյ գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ամօթալի է, որ չափանիշներն ու յղացքները փոփոխութեան ենթարկուին, իսկ իրականութիւնները` թաքցուին: Եթէ մենք առանց ձայնի կ՛աշխատինք եւ ոչ ոքի հետ բանավէճ կ՛ունենանք` երկրին դիմագրաւած ահռելի տագնապին լոյսին տակ, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ լուռ պիտի մնանք այն ամբաստանութիւններուն դիմաց, որոնք կը կատարուին մեր հասցէին եւ մեզի պատասխանատու կը նկատեն նախորդ կառավարութիւններուն քաղաքական, քինախնդրական, անձնական եւ միլիսական վարուելակերպին համար, որ պատճառած է երկրին փլուզումը:
Այս կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է` նախքան հրաժարիլը: Կառավարութիւնը մշակած է գիտական իր ծրագիրները, որոնք արգելակուած են անձնական հաշիւներու եւ շահերու պատճառով, հակառակ անոր որ ելեւմտական միջազգային կառոյցներ հաստատեցին այդ ծրագիրներուն կարեւորութիւնն ու առարկայականութիւնը, եւ անոնք կրնային Լիբանանը փրկութեան հունի մէջ զետեղել:
Այս կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նաեւ կատարելու իր ընթացիկ աշխատանքները, սակայն տրամաբանական չէ, որ հրաժարած կառավարութիւն մը շուրջ 11 ամիս ընթացիկ հարցերը շարունակէ հետապնդել:
Կառավարութիւնը իր հրաժարականէն առաջ եւ վերջ կը շարունակէ «հաւաքել» տարիներ շարունակ որդեգրուած ելեւմտական քաղաքականութիւններուն թափթփուկները: Ոչ ոք կրնայ իր այդ պատասխանատուութենէն անմեղ դուրս գալ:
Ելեւմտական փլուզման առաջնորդող պատասխանատուները հաշուետուութեան պէտք է ենթարկուին, իսկ լիբանանցիները ձեզի անպարտ պիտի չհռչակեն, որովհետեւ դուք պատասխանատու էք նախ եւ առաջ քարն ու մարդը քանդելու, իսկ ի վերջոյ երկրին տնտեսութիւնն ու քաղաքացիին ապրուստը քանդելու»:



