Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախ Եւ Առաջ Վերականգնել Հայու Վիրաւորուած Արժանապատւութիւնը» . Կիրակոս Գույումճեան

June 19, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխան Քուէյթաբնակ գործարար՝ Կիրակոս Գույումճեան:

 -Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Իրականութեան մէջ, վերջին 44-օրեայ պատերազմին մեր կրած ծանր պարտութենէն ետք, ինծի համար քիչ մը երկրորդական կը թուին Հայաստանի քաղաքական ուժերուն միջեւ ընտրավազքի, քարոզարշաւներու եւ հարցազրյոցներու միջոցաւ՝ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներ ընելու վերաբերեալ ներկայացուած խոստումները, որովհետեւ, իմ կարծիքով շատ աւելի մեծ վնաս մը կայ որ պէտք է վերականգնուի, այն է՝ հայու վիրաւորուած արժանապատուութիւնը: Առանց պարտուած հայ մարդու հոգեբանութիւնը թօթափելու եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը վերակագնելու, մենք ոչ մէկ լուրջ յաջողութեան կրնանք հասնիլ: Եւ այս գործը անշուշտ մեծապէս կապուած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեր ձեռք բերելիք նոր յաջողութիւններուն հետ, որովհետեւ մեր վարկը մեծապէս վարկաբեկուեցաւ նաեւ արտասահմանի  մէջ եւ միջազգային ընտանիքին առջեւ:

Ես հիմնական այս հարցի շուրջ կ’ուզեմ իմ մտահոգութիւնս յայտնել, նկատի ունենալով, որ որպէս արտասահման ապրող սփիւռքահայ,  եւ մորթիս վրայ կը զգամ այս ցաւը: 

Հետեւաբար, եթէ ես վաղը կայանալիք ընտրութիւններուն քուէ տալու առիթ ունենայի, իմ ձայնս պիտի ուզէի տալ այն մարդուն, որուն մտասեւեռումին առարկան  է միջազգային գետնի վրայ մեր  երկրի վարկը բարձրացնելը, մարդ, որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ այդ մէկը իրականացնելու կարողութիւններ ունի, միջազգային բեմերու վրայ զօրաւոր կերպով մեր վերին շահերը պաշտպանելու ատակ է: Մէկ խօսքով՝ հայուն պատիւն ու արժանապատուութիւնը վերադարձնելու հոգը առած մարդ ըլլայ:

Փաշինեանի ձեռք բերած յաջողութիւնները, դժբախտաբար, սահմանափակուեցան ներքին մակարդակով, եւ այդ ուղղութեամբ, կ’ենթադրեմ որ գոհացուցիչ էին իր ձեռքբերումները  Հայաստանի մակարդակին, ժողովուրդի կեանքի եւ կենցաղի բարելաւման մակարդակին, սակայն վերջաւորութեան երբ որ կը հաշուենք պատահածները մինչեւ այսօր, պիտի տեսնենք, որ դժբախտաբար, շահը եւ վնասը գրեթէ իրարու հաւասար են, եթէ նոյնիսկ վնասը աւելի չէ՝ քան թէ շահը, որ ստացանք իր վարած քաղաքականութենէն:

Փաշինեան իր անպատասխանատու, անհեռատես եւ յարափոփոխ յայտարարութիւններով եւ կեցուածքներով վարկաբեկեց Հայաստանը եւ հայութեան վարկն ու հեղինակութիւնը միջազգային ընտանիքին մէջ, դժբախտաբար, իր պատեհապաշտ քայլերուն հետեւանքով ոտնակոխուեցաւ հայ ժողովուրդի արժանապատուութիւնը, սկսանք խեղճացած զգալ: Մեզի տառապեցնող հայու այս նոր խեղճացած կարգավիճակը ես անձամբ կը զգամ մորթիս վրայ, օտարազգի հեղինակաւոր մարդոց հետ իմ շփումներուս ընթացքին, մինչ այդ նախապէս հպարտօրէն կը ներկայանայի եւ կը զգայի որ դիմացինս ալ ինծի մեծարանքով եւ յարգանքով կ’ընդունի: Ես կ’ուզեմ ետ վերադարձնել մեր պատիւն ու արժանապտուութիւնը, որ դարձեալ յաղթողի լեզուով կարենամ խօսիլ իմ զանազան ազգի բարեկամներուս եւ ընկերներուս հետ: Պարտուած հայ մարդու զգացում չենք ուզեր ունենալ:

Ուստի, մենք չենք կրնար միջազգային ատեաններու մօտ մեր  վարկն ու հեղինակութիւնը կորսնցուցած անձնաւորութեան մը վստահիլ մեր հայրենիքի ապագային վերաբերող բանակցութիւնները, որովհետեւ անոր պարտուածի կերպարը առաւելութիւն կու տայ թշնամիին, որպէսզի մեր վրայ եղած ճնշումը զօրացնէ:

 -Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նոր իշխանութեան մէջ պէտք է ըլլան այնպիսի մարդիկ, որոնք առաջ մը մղեն հայրենիքիս հողերը ընդարձակելու մասին գաղափարը, եւ ոչ թէ  նօսրացնալու, մանաւանդ այս շրջանին, երբ տարակարծութիւններ կան Ղարաբաղի հողերու հարցի շուրջ, նաեւ Հայաստանի սահմանային շրջաններուն շուրջ: Մեզի հարկաւոր է իշխանութիւն մը, որ դիւանագիտական մեծ կարողութիւններ ունենայ եւ կարենայ Մինսքի խումբին հետ ապագային կայանալիք բանակցութիւններուն լեզու գտնելու, գաղափարները միացնելու եւ բոլոր ոլորտներուն մէջ յաջողութիւններ ձեռք բերելու կարողութիւն ունենայ, որովհետեւ հոն դիւանագիտութիւնը շատ բան ունի ընելիք, եւ հոն մենք զօրաւոր, սրամիտ, խելացի եւ փորձառու դիւանգէտ անձնաւորութեան մը  կարիքն  ունինք:

Ինչպէս ըսի, այժմ մեր արժանապատուոթիւնը խորապէս վիրաւորուած է եւ ուստի Հայաստանի մէջ գալիք նոր իշխանութիւններուն կարեւոր ընելիքներէն մէկը նաեւ այդ արժանապատուութիւնը թարմանելը պէտք է ըլլայ: Նաեւ մենք շատ մեծ կորուստներ եւ վնասներ ունեցանք՝ հողային, ֆիզիքական եւ բարոյական, եւ լուծում կ’ուզենք անոնց, մեր հայրենիքի, մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը կասկածի տակ է այսօր, այս ուղղութեամբ եւս կարեւոր ընելիքներ ունի նոր իշխանութիւնը:

Հիմա ես, դժբախտաբար, առաջուայ պէս հպարտ չեն զգար: Ես իմ արժանապատուութինս եւ հպարտութիւնս կ’ուզեմ վերագտնել, դարձեալ կ’ըսեմ, ինծի համար ամենակարեւորը ատիկա է, սատանաներու հետ ալ կը գործակցիմ, միայն թէ ինծի արժանապատուութիւնս ետ վերադարձնելու լուծումներ թող տայ կամ այդ դրութեան մէջ դնէ, մեր հայու հպարտութիւնս ետ ինծի վերադառնայ, ապրիմ հպարտ, ճակատս բարձր եւ վարկս պայծառ:

Անշուշտ իմ այս միտքս կը կիսեն մեր բոլոր սփիւռքահայերը, ինչ գաղափարի ալ որ յարած ըլլան, բոլորը կը զգան, որ գլուխնուս եկած փորձանքը շատ մեծ էր, եւ իսկապէս շատ վիրաւորուած ենք այսօր:

Նախորդը

Փիղերուն Խորհրդաւոր Արշաւը

Յաջորդը

Անհրաժեշտ Է Յիշեցնել. Հայաստանի Մէջ Ո՛ր Իշխանութեան Օրով Ստեղծուեցաւ Մենաշնորհեալներուն Եւ Օլիկարխերուն Դասակարգը, Ու Խաւարի Եւ Թշուառութեան Մատնուեցաւ Հայաստանը, Եւ Ո՛վ Վերականգնեց Տնտեսութիւնն Ու Վերալուսաւորեց Հայաստանը

RelatedPosts

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 9, 2026
Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում
Հարցազրոյց

Արցախեան Հարցը. Բանակցութիւն, Պատերազմ Եւ Յանձնում

September 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.