Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիղերուն Խորհրդաւոր Արշաւը

Յունիս 19, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս արշաւը կը սկսի մարտ ամսուն, երբ 17 փիղեր, որոնցմէ երեքը ձագուկներ են, յանկարծ կը լքեն Չինաստանի Եունան նահանգին մէջի իրենց պահպանուած բնակավայրը եւ կ՛ուղղուին դէպի հիւսիս:

Դեկտեմբեր ամսուն անոնք կ՛առնեն դադար մը, երբ նոր փիղ ձագուկ մը կը ծնի: Ապա, չորս ամսուան դադարէ ետք, անոնք կը շարունակեն իրենց արշաւը ապրիլ ամսուն: Այդ ժամանակ է,  որ երկու փիղեր կ՛որոշեն վերադառնալ դէպի հարաւ, իսկ 15 փիղերը կը շարունակեն իրենց արշաւը:

 

Հարիւրաւոր քիլոմեթրեր կտրելէ  ետք, երկրորդ դադար մը կը պարտադրուի: Յունիս ամսուն սկիզբէն ի վեր, փիղերուն խումբը կը շրջի Եունան նահանգին մայրաքաղաք Քունմինկի շրջակայքը: Այդ մեծ քաղաքին մէջ կ՛ապրին բազմաթիւ միլիոնաւոր բնակիչներ: Դժբախտաբար անասունները մեծ վնասներ հասցուցած են շրջանին` փճացնելով եգիպտացորենի դաշտերը, պարպելով ագարակներուն հացահատիկի պահեստները, ջուրի ամբարները, գիշերով անցնելով քաղաքի փողոցներէն…

***

Մասնագէտները չեն հասկնար, թէ ի՛նչը մղած է այս փիղերը լքելու իրենց բնակավայրը եւ կտրելու այդքան մեծ հեռաւորութիւն: Սակայն անոնք նշմարած են, թէ վերջին տարիներուն փիղերը սկսած են մօտենալ գիւղերուն, որովհետեւ ընդհանրապէս անոնց կերած բոյսերուն փոխարէն կը ցանուին բոյսեր, զորս անոնք չեն կրնար ուտել:

Ասիոյ փիղերը կորսուելու վտանգի մէջ գտնուող անասուններ են, եւ այդ պատճառով պահպանուած կը նկատուին Չինաստանի մէջ, ուր գոյութիւն ունին մօտաւորապէս 300 փիղեր: Անոնք կ՛ապրին ընդարձակ պահպանուած շրջաններուն մէջ, ուր կրնան շրջիլ ուտելիք փնտռելու, ըստ եղանակներուն:

«Տարթ Վէյտըրի Տունը» Ծախու

Ան կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու ամէնէն մեծ քաղաքներէն Հիւսթընի մէջ: Ճիշդ է, որ ան «Սթար ուարզ» ֆիլմերու կերպարին իսկական տունը չէ, սակայն ան արժանի է այդ «տիտղոսին»:

Վիրաբուժը, որ այդ տունը շինած է 1992-ին, անոր տուած է «Սթար ուարզ»-ի ամէնէն մեծ չարին կերպարին գլխարկին ձեւը: Սակայն այժմ այդ տունը շատ մեծ է իրեն համար, ուստի վիրաբուժը որոշած է զայն ծախել 4,3 միլիոն տոլարի:

Հակառակ անոր որ արտաքինով այդ տունը կրնայ վախնալիք թուիլ, սակայն ներսը մութ չէ: Շնորհիւ անոր ամբողջովին ապակիէ պատերուն, ան կրնայ տոկալ «ուժի մութ կողմին»:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Մեր ձախ թոքը աւելի փոքր է, քան մեր աջ թոքը: Այսպէս է` սրտին բաւարար տեղ ձգելու համար:

– Աշխարհի բնակչութեան կէսէն աւելի իր կեանքին ընթացքին հեռաձայնային ոչ մէկ խօսակցութիւն ունեցած է:

– Եթէ գործածենք կապոյտ կէտին թոքերուն պարունակած օդը, կրնանք ուռեցնել 2500 փուջիկ:

– Գետաձիները ջուրին տակը կը քնանան: Անոնք դէպի մակերես կը բարձրանան շունչ առնելու համար, առանց քալելու:

– Սալամանտրները ձայները կը լսեն իրենց թոքերուն միջոցով:

– Կովերը օրական մինչեւ 190 լիթր լորձունք կ՛արտադրեն. այդ լորձունքը անհրաժեշտ է իրենց կերածը մարսելու համար:

– Ընձուղտները իրենց աչքերը եւ ականջները կը մաքրեն իրենց 53 սմ երկար լեզուով:

– Շուները կը սիրեն պատկերասփիւռ դիտել, յատկապէս Տոկ.Թի.Վի.ն, որ Սան Տիէկոյի մէջ հաստատուած պատկերասփիւռի կայան մըն է:

– Մոմիր Պոճիչ եօթը տարի յատկացուցած է ձեռքով շինելու համար Վոլզվակըն Պիթըլ ինքնաշարժի փայտէ տարբերակ մը, իր պարտէզին աշխատանոցին մէջ: Այդ ինքնաշարժը կրնայ բնական ինքնաշարժի մը նման քշուիլ:

– Երբեմն կեդրոնանալու ժամանակ մենք մեր լեզուն դուրս կը հանենք. այս շարժումը մեր ուղեղին կ՛օգնէ տեղեկութեան մասին մտածելու:

– Մեր գլուխը աւելի շուտ կը ծերանայ, քան մեր ոտքերը, որովհետեւ ժամանակը աւելի արագ կ՛անցնի աւելի բարձր մակարդակներու վրայ, ուր մեր վրայ երկրագունդին բանած քաշողական ուժը նուազ զօրաւոր է:

– Չղջիկները դէպի վար կը կախուին, որովհետեւ անոնց ոտքերը շատ տկար են եւ չեն կրնար շալկել իրենց մարմնին ծանրութիւնը կանգնած դրութեան մէջ:

– Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան 3 միլիառ փիզզա կը ծախուի. այսինքն, 350 կտոր` ամէն երկվայրկեան:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող վեց տարբերութիւնները:
Կէտերը իրարու միացուր` 1 – 79, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պաղպաղակներուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր մանուկի պատկանող թռուցիկը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 18 Յունիս 2021)

Յաջորդը

«Նախ Եւ Առաջ Վերականգնել Հայու Վիրաւորուած Արժանապատւութիւնը» . Կիրակոս Գույումճեան

RelatedPosts

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Գիտենք Օգոստոս Ամսուան Մասին

Օգոստոս 9, 2025
Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը
Մանկապատանեկան

Աշխարհի Ամէնէն Շատ Սիրուած Գոյնը` Կապոյտը

Օգոստոս 2, 2025
Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը
Մանկապատանեկան

Լեռներուն Վրայ, Անտառին Մէջ Պահուըտած Հին Ժողովուրդ Մը

Յուլիս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?