Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոհայի Մէջ. «Նոր Կառավարութեան Անյապաղ Կազմութիւնը Անհրաժեշտ Է» Շեշտեց Աքըր

June 16, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարահ Պըրրիի եւ դեսպանատան անձնակազմին հետ:

Քննարկուեցան դեսպանատան վարչական հարցերն ու Քաթարի մէջ ապրող լիբանանցիներուն կարիքներուն հասնելու կարեւորութիւնը:

Աքըր բարձր գնահատեց դեսպանատան ջանքերը` բաւարարելու համար լիբանանցիներուն կարիքները, յատկապէս «Քորոնա» համաճարակին ամէնէն վատ օրերուն ընթացքին:

Ապա Աքըր հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի մէջ ապրող լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուեցան անոնց մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական եւ ապրուստի դժուար պայմաններն ու մասնագէտ լիբանանցիներու արտագաղթի երեւոյթը:

Աքըր հաստատեց, որ պէտք է պահպանել Լիբանանի եւ Քաթարի միջեւ երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալ մնալ Քաթարին, որ Լիբանանի տագնապալի օրերուն միշտ նեցուկ կանգնեցաւ անոր:

Աքըր շեշտեց, որ այս փուլին պէտք է զօրակցիլ Լիբանանին եւ ճիգ չխնայել Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ահաւոր պայմաններուն ընթացքին իրենց երկրին կարողութիւնները բարելաւելու նպատակով օժանդակութիւններ կատարել:

Աքըր կարեւոր նկատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները աջակցին իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, ինչպէս նաեւ այս ամրան ընթացքին այցելեն Լիբանան, ուր «Քորոնա»-ի համաճարակը հակակշռուած է:

Աքըր անհրաժեշտ նկատեց նոր կառավարութեան անյապաղ կազմութիւնը` վերստին ամրապնդելու համար սահմանադրական հաստատութիւններն ու անոնց դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու համար Լիբանանը:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Ընկերային-Տնտեսական Տագնապները Եւ Անոնց Լուծման Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.