Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաքներ. Անգլուխ Հայաստան…

June 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արա Այվազեանի հրաժարականէն ետք, արտաքին գործոց բոլոր փոխնախարարները հրաժարական տուած են: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ճիգ կ՛ընէ փոխարինողներ գտնելու, բայց չի յաջողիր: Նախարարութիւնը մինչեւ իսկ պաշտօնական բանբեր չունի: Փաստօրէն Հայաստանի դիւանագիտութեան մարզը, որ, ըստ Այվազեանի, չէ պարտուած (պարտութիւնը քանի՞ անուն կ՛ունենայ…), մնացած է անգլուխ:

***

Հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ընտրապայքարի դաշտը նախընտրելով, ինքն իրեն արձակուրդ տուած է մինչեւ ընտրութիւններու նախօրեակը, ջղագարի շարժումներով բոց ու կրակ կը ժայթքէ… ընդդիմադիրներուն դէմ, սպառնալիքներ կ՛արձակէ մինչեւ իսկ իր կողքին քալողներու, որոնք յայտնապէս (իր տրամաբանութեամբ) չեն շարժիր իր պատկերացումներուն համաձայն: Ուրեմն հրաժարեալ կառավարութիւնն ալ մնացած է անգլուխ: Կատակասէր մը ըսած է. Հայաստան արդէն անգլուխ է գոնէ 10 նոյեմբեր 2020-էն ի վեր: Ի՜նչ տարբերութիւն…

***

Հայաստանը ամիսներէ ի վեր իրողապէս անգլուխ գտած Ազրպէյճանը ամէն օր նոր ոտնձգութիւն մը կը կատարէ եւ կը մնայ անփոխադարձ: Վերջին նորութիւնը «մառախուղի պատճառով ճամբան կորսնցուցած» հայ զինուորի մը գերեվարումն է (ո՞վ կ՛ըսէ, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հնարագէտ չէ եւ գլուխ չունի): Ան աւելցած է քաղաքական սակարկութեան վերածուած մեր զինուորներուն եւ քաղաքայիններուն վրայ: Անգլուխ Հայաստանը Եւրոպայի եւ այլոց դուռերը ափ առած է` հաւատարիմ մնալով «հարցերը դիւանագիտական միջոցներով պիտի լուծենք»-ի խոստումին (որո՞ւ հոգը, որ դիւանագիտութիւնը անգլուխ է): Ցաւոտ սրտով մէկը հարց տուեր է. ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ազերիները հարիւրով ու հազարով Հայաստան կը թափանցեն, դիրքեր կը գրաւեն, կ՛ամրանան, քանի մը օրը անգամ մը նոր գերիներ կ՛որսան, իսկ մենք ինքնապաշտպանութիւն ըսուածը մոռցած ենք, անոնցմէ հատ մը կամ տասնեակ մը չեն կրնար գերի բռնել եւ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԱՒԵԼԻ ԱՄՈՒՐ ԴԻՐՔ ԱՊԱՀՈՎԵԼ:

… Այսպիսի՛ «գլուխո՞վ» կ՛ուզեն պահել իշխանութիւնը:

***

Փաշինեան յայտարարեր է, որ Ազրպէյճանի ձեռքին գերի բռնուած հայերը կրնան իրեն երկու ամիս ալ ներել, եթէ իրենց ազատութիւնը չկարենայ ձեռք բերել, սակայն պիտի չներեն, եթէ ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը կորսնցնենք:

Ինչպիսի՞ գլուխէ մը կրնայ բխիլ նման հանճարե՜ղ մտածում մը. Արցախի երեք քառորդի կորուստէն, Հայաստանէն ներս ազերիական թափանցումներէն (ըստ ոչ ամբողջական հաշուարկներու, արդէն սահմանային գօտիներէ ԳՐԱՒԱԾ-ՆՍՏԱԾ են մօտաւորապէս 100 քառ. քմ տարածութիւն, ակնդէտ կը սպասեն «կղզեակներու վերադարձ»-ի փաշինեանական խոստումին իրականացման), օր ցերեկով գերեվարութիւններէ եւ բազմատեսակ ոտնձգութիւններէ ետք, ի՞նչ ինքնիշխանութեան մասին է խօսքը: Սրամիտ մը նկատեր է, որ Փաշինեան չէ խօսած ՀՈՂԵՐՈՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ պահպանումին մասին:

***

Պաշտօնական ընտրապայքարի շոգեկառքը երկու օրէ ի վեր կը սուրայ ամբողջ ուժով: Մօտէն հետեւողը կը հասնի այն համոզումին, որ մրցադաշտ մտնողներուն մեծ մասը կը գործէ «ամէն գլուխէ ձայն մը» տրամաբանութեամբ (վարչապետի աթոռին աչք ունին աւելի քան 20 թեկնածու): Լուրջ քննարկում եւ հաւաստի խոստումներ կը լսուին միայն քանի մը կողմերէ: Իշխանաւորներուն հաւատք ընծայել` կը նշանակէ տուայտիլ 3 տարի առաջուան մթնոլորտին մէջ, մինչդեռ սեպտեմբերի վերջին օրերէն ի վեր բոլոր երազներն ու խոստումները ջարդ ու փշուր եղած են: («Քալողներ»-ը կրնան նոր կորուստներ ալ «պարգեւել»: Բարեմիտ քրիստոնեայ մը պիտի ըսէր. «Հայաստա՛ն, ներէ՜ անոնց, զի չեն գիտեր, թէ ի՛նչ կ՛ընեն կամ կը խօսին»…):

***

Անգլերէն խօսք մը կայ. «Ամէն մութ ամպ արծաթեայ երիզ մը կ՛ունենայ»: Հայաստանի մէջ ալ ամէն բան տժգոյն չէ (Շուշիի կամ… Սիւնիքի այս կամ այն գիւղին պէս): Երեքշաբթի, 8 յունիսին Հայաստանի մէջ Պսակաւոր ժահրի պատճառով ՄԱՀ ՉԷ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ (առաջինը` աւելի քան տարիէ մը ի վեր): Տեղ մը գլուխ(ներ) մնացած է ուրեմն: Մի՛ յուսահատիք:

8 յունիս 2021

Նախորդը

Միքայէլ Նալպանտեանի Աքսորը Եւ Մահը

Յաջորդը

Հայաստան` Ամէն Բանէ Վեր

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.