Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Կլոպըլ Եունիվըրսիթիի դէմ:
Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
Նշենք, որ թէեւ երկու կազմերն ալ ցարդ անպարտելի են, սակայն ՀՄԸՄ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը, մինչ անոր այսօրուան մրցակիցը` երեք յաղթանակ:
Կլոպըլ Եունիվըրսիթի 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ 7 կէտով` երրորդ դիրքը, կոլ-էվըրէյճի տարբերութեամբ ետ մնալով Մուաուատէն:



