Հսկողութեամբ եւ հաւանութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, երկուշաբթի, 14 յունիսին տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային տեղի ունենալիք թենիսի անհատական յատուկ մրցաշարքի մը կայացման մասին:
Այս գծով մանրամասն տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին վերոնշեալ թուականին, «Ռալֆ Ապի Քարամ» ակումբին մարզադաշտին մէջ (Պայյատա), երեկոյեան ժամը 20:00-ին: