Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան 160-Ամեակին Առիթով Շնորհաւորութիւններ

June 10, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 160-ամեակին առիթով վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ շնորհաւորեց այդ ուժերը` ընդգծելով, որ անոնց զոհողութիւնները կը միախառնուին Լիբանանի պատմութեան, ներկային եւ ապագային հետ:

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը կը հսկեն լիբանանցիներու անվտանգութեան, լիբանանեան ընկերութեան եւ երկրին հաստատութիւններուն պաշտպանութեան:

Ձեր հիմնադրութեան տօնը առիթ մըն է վերյիշելու համար, որ դուք մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէք վեհ հայրենիքի մը համար, ինչ ալ ըլլան դժուարութիւնները: Պահանջուածը այսօր այն է, որ չլքենք Լիբանանը եւ կերտենք մեր երազներուն նմանող պետութիւն մը, այլ խօսքով` օրէնքի, հաստատութենական, արդարութեան, ապահովութեան եւ անվտանգութեան պետութիւն մը, որ կը յարգէ իր զաւակները` անոնց շնորհելով ընկերային կայունութիւն, ինչպէս նաեւ կերտելու համար փտածութենէ ձերբազատած պետութիւն մը: Լիբանանի հանդէպ ձեր հաւատքը պէտք է պահէք` վերակառուցելու համար պետութիւնը: Դուք էք հայրենիքը եւ հիմնական օղակը երկրին պետութեան, որ պէտք է փրկուի փտածութեան պետութենէն:

Իր կարգին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի շնորհաւորեց Ներքին ապահովութեան ուժերը` հաստատելով, որ ապահովութիւնը պարտք մըն է, որուն տէր պէտք է կանգնիլ:

«Վստահ եղէք, որ հակառակ տագնապներու սրումին, դուք պիտի մնաք ձեր հայրենիքի պաշտպանութեան առաջնագիծին վրայ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ընկերութեան պիտի պարգեւէք երկրին ապահովութիւնը», հաստատեց ան:

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման այս առիթով երէկ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող յուշարձանին` առ ի յարգանք հայրենիքին ի խնդիր զոհուած նահատակներուն յիշատակին:

Նշենք, որ Օսման նախանցեալ օր հրապարակած էր «Օրուան հրահանգ»-ը, որուն մէջ շեշտած էր, թէ Լիբանանի դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն Ներքին ապահովութեան ուժերը անձնատուր պիտի չըլլան:

Ան կոչ ուղղած էր Ներքին ապահովութեան ուժերուն ըլլալու զգաստ եւ իմաստուն` խոհեմութեամբ շրջանցելու համար հայրենիքին դիմագրաւած այս զգայուն փուլը:

«Ներքին ապահովութեան ուժերը պիտի փաստեն, որ իրենց ուժերով պիտի կարենան դուրս գալ այս փապուղիէն: Անոնք պատմութեան պիտի փաստեն, թէ ինչքա՛ն տագնապները սրին, անվտանգութիւնը կը մնայ կարմիր գիծ, իսկ Ներքին ապահովութեան ուժերը կը մնան հայրենիքին եւ խաղաղութեան պատկերը», շեշտեց Օսման:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կրթական Մարզին Կատարեալ Զօրակցութիւն Յայտնեց

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.