Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ապի Ռամիայի Հետ Քննարկեց Փարիզ Կատարած Իր Այցելութեան Արդիւնքները

June 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան, որուն հետ քննարկեց անոր Փարիզ կատարած այցելութեան ընթացքին ֆրանսացի երեսփոխաններու եւ ծերակուտականներու հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ Ֆրանսա փոխանցուած իւրացուած գումարները վերադարձնելու աշխատանքները:

Հանդիպումէն ետք Լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք կ՛որդեգրեն որոշ նախաձեռնութիւններ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Ֆրանսա փոխանցուած իւրացուած գումարները վերադարձնելու իմաստով Լիբանանին օժանդակելու:

Ան նշեց նաեւ, որ պատրաստութիւններ կը տեսնուին Լիբանանի մէջ ծրագրելու խորհրդաժողով մը, որուն նպատակն է փտածութեան դէմ պայքարիլ: «Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ֆրանսացի երեսփոխաններ եւ ծերակուտականներ, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի փորձագէտներ», ըսաւ ան:

Ապի Ռամիա խստիւ դատապարտեց հանրապետութեան նախագահութեան դէմ ծրագրուած արշաւը, որ անցած է բոլոր սահմանները եւ փաստած այդ պայքարը իրագործող կողմերուն իսկական կեցուածքները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն «Ամնէլ Ամ» թերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ իր հիմնական կեդրոնացումը լիբանանցիները իրենց դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն փրկելն է` աւելցնելով, որ ինք Լիբանան վերադառնալէ ետք միշտ կը գործէ Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովելու նպատակով:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ ետք իր նպատակները եղած են բարեկարգումի իրագործումը, մսխումի եւ փտածութեան դէմ պայքարը, դատական իշխանութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բնական հարստութիւններէն օգտուելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք մինչեւ իր իշխանութեան վերջին վայրկեանը պիտի փորձէ վերականգնել պետութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք պէտք եղած բոլոր դիւրութիւնները ներկայացուցած է, սակայն նշանակեալ վարչապետը բնաւ նկատի չէ ունեցած փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ Լիբանանի իշխանափոխութիւնը կը սկսի քուէատուփերէն` աւելցնելով, որ 2022-ին զուգադիպող երեսփոխանական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:

Ան շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու եւ բնաւ առիթ պիտի չտայ, որ անոնց թղթածրարը վերածուի քաղաքական խաղաքարտի:

Նախորդը

Կեդրոնական Դրամատունը Դրամատուներուն Ամերիկեան Տոլար Պիտի Վաճառէ 12.000-ի Սակին Համաձայն

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 10 Ամիս Ետք Ամէն Ինչ Կը Մնայ Անորոշ, Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Կը Թուի Անկարելի Ըլլալ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.