Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուան Քառասունքին Առիթով Բարսեղ Գույումճեանի Անմոռանալի Յիշատակին

June 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուրջ քառասուն օրէ ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ այլեւս Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութեան երբեմնի փոխատենապետ, այնուհետեւ երախտաշատ ու երկարամեայ երբեմնի ատենապետ, ընկերակցութեան նուիրեալ անդամներէն Բարսեղ Գույումճեանը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ու երէց հայրենակից վարչականներու ալ այս աշխարհէն մեկնումէն ետք, 1994-ին տեղի ունեցած ընդհանուր անդամական ժողովին, ընկերակցութեան միջին ու նոր սերունդի հայրենակիցներ, երբ քով-քովի գալով` մեծ ջանք ի գործ դրին վերականգնելու ընկերակցութեան անցեալի փառքն ու ի մի համախմբելու ցանուցիր դարձած հայրենակիցները, Բարսեղ Գույումճեան միացաւ այդ աշխատանքին ու սիրայօժար ստանձնեց նորընտիր առաջին վարչութեան փոխատենապետի պաշտօնը, որուն առընթեր` ընկերակցութեանս կալուածներու գծով տարիներէ ի վեր առկախ մնացած բարդ հարցերը լուծելու պատասխանատու եւ դժուար գործը:

Ժամանակի ընթացքին կալուածային այդ բարդ ու հանգուցուած հարցերը գտան իրենց բարւոք լուծումը, եւ Բարսեղ Գույումճեանի ատենապետութեամբ, նաեւ այդ ասպարէզին մէջ անոր ունեցած փորձառութեան ու փոխանցած շնորհակալ խորհուրդներուն շնորհիւ, Կեսարիոյ բարեսիրական ընկերակցութիւնը շահեցաւ շատ բան:

Արդարեւ, 27 տարի ամբողջական նուիրումով փարած կեանք մը եղաւ անոր գործունէութիւնը միութենական կեանքին մէջ: Անմնացորդ նուիրում, զոհաբերում` վարչական իր գործընկերներուն կողքին: Ան հասաւ կարօտեալներուն, բոլոր իրեն դիմողներուն` առանց տրտունջի: Ժողովական կեանքի մէջ, երբ յանկարծ կանգնէինք անլուծելի թուացող հարցի մը առջեւ ու ելք մը գտնելու համար, երբ ժողովականները դիմէին պրն. Բարսեղին,ան միշտ կ՛ըսէր յոյս ներշնչող նոյն ձայնով. «Հոգ մի՛ ընէք, ֆորմիւլ մը կը գտնուի եւ կը լուծուի, միայն քիչ մը ժամանակ տուէք ինծի»:

Բ. Գույումճեան միշտ առաջինը կ՛ըլլար ժողովասրահ ժամանող վարչականներու մէջ: Ուշացողներուն ան միշտ կ՛ըսէր իրեն յատուկ հիւմըրով. «Տղա՛ք, ժողովի պէտք է գալ միշտ մարզական ոգիով»: Բաց աստի` իր նկարագիրին խորթ էին յուսահատութիւնն ու դասալքութիւնը: Ամէնուրեք ոգեշնչող ներկայութիւն էր պրն. Բարսեղը` կեանքի դժուարութիւնները ժպիտով դիմակայելու իր բնաւորութեամբ, մարդկային նկարագիրի տէր, հայրենասէր ու ազնիւ մարդու իր խառնուածքով:

Հակառակ շատ կանուխ կորսնցուցած ըլլալուն իր կողակիցը, միութենական աշխատանքներուն կողքին, ան չէր թերանար տան պարտաւորութիւններուն մէջ: Իր չորս զաւակներուն` Հերմինէին, Էլիզապէթին, Ժաքին եւ Սիլվային ընդմէջէն, արդարեւ, կը ցոլան Բարսեղ Գույումճեանի սնուցած հայրենանուէր ոգին ու քրիստոնեայ ընտանիքի անբասիր դաստիարակութիւնը:

Այս առիթով կրկին կը յիշենք մեր «Նորավէպի իշխան» Գրիգոր Զօհրապի կեանքի իրականութիւնը խորունկ փիլիսոփայութեամբ ներկայացուցած «Կոտրելէն ետքը» խորագրեալ տպաւորապաշտ պատմուածքը: Այո՛, մեծերէն մէկն էր նաեւ պրն. Բարսեղը, որ անժամանակ հրաժեշտ տուաւ կեանքին: Իր մեկնումէն ետք աւելի պիտի զգանք իր կորուստով ստեղծուած մեծ բացը ընկերակցութեան մէջ, մանաւանդ երկրին ներկայ դժուարին ժամանակներուն` բոլոր ոլորտներէ ներս:

Վարչական գործընկերներդ եւ ընկերակցութեանս անդամները քեզ երբեք պիտի չմոռնան, յիշատակդ պիտի մնայ միշտ վառ:

Կը խոնարհինք քու բազմարդիւն վաստակիդ առջեւ, անմոռանալի՛ պրն. Բարսեղ Գույումճեան:

Երկնային լոյս ու խաղաղութիւն` անմեռ հոգիիդ:

Հանգիստ` քու յոգնաբեկ աճիւններուդ:

ԿԵՍԱՐԻՈՅ  ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ  ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ                

 

Նախորդը

Վա՛րձքդ Կատար, Մա՛մ (Դամբանական)

Յաջորդը

Մեծագոյն Տնտեսագէտը Կը Բացատրէ Էրտողանին Սուտերը Թուրքիոյ Սնանկացած Տնտեսութեան Մասին

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.