Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծագոյն Տնտեսագէտը Կը Բացատրէ Էրտողանին Սուտերը Թուրքիոյ Սնանկացած Տնտեսութեան Մասին

Յունիս 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ բնաւ տեղեակ չէ տնտեսագիտութենէն, հանդիպում ունեցած է ամերիկեան 26 մեծ ընկերութիւններու գլխաւոր  ղեկավարներու  հետ եւ բազմաթիւ սուտեր յօրինած` Թուրքիոյ տնտեսութեան մասին: Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ տնտեսութիւնը սնանկացած է, եւ Թուրքիոյ միլիոնաւոր քաղաքացիներ յայտնուած են սովի եզրին, մինչ «քորոնա» թագաժահրը կը մոլեգնի անտառային հրդեհի պէս` Թուրքիան դարձնելով աշխարհի վարակուածութեան հինգերորդ երկիրը:

Ահա՛ Էրտողանի սուտերէն քանի մը հատը, զորս ան ըսած է ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարներուն.

«Շատ երկիրներու առջեւ ծառացած հարցերէն եւ մատակարարման շղթայի խափանումներէն եւ ոչ մէկը գոյութիւն ունեցած է Թուրքիոյ մէջ: Այն պահուն, երբ աշխարհի շատ մը տնտեսութիւններ փակուղի մտան, մենք շարունակեցինք ներդրումներ ընել ինչպէս պետական, այդպէս ալ սեփական հատուածներու մէջ:

«Մեր սեփական հատուածին ջանքերով, մեր պետական  աջակցութեան  եւ   համաճարակային եռանդուն ձեռնարկներուն շնորհիւ` մեր տնտեսութիւնը 2020 թուականը փակեց արձանագրելով աճ: Մենք 1,8 տոկոս ցուցանիշով G-20ի ամէնէն արագ զարգացող երկիրն ենք Չինաստանէն ետք:

«Հակառակ արտահանման մեր աւանդական շուկաներու մէջ արձանագրուած տնտեսական անկումին եւ արտաքին պահանջի նուազեցման` մենք հասած ենք 170 միլիառ տոլարի արտահանման: Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը աճած է 4 տոկոսով եւ գերազանցած` 21 միլիառ տոլարը:

– 2021-ի յունուարէն ապրիլ ամիսներուն, մեր արտահանումը, նախորդ տարուան համեմատ, աճած է 33,1 տոկոսով:

– 2021-ի առաջին եռամսեակին մեր արդիւնաբերական արտադրանքը աճած է 12,3 տոկոսով` նախորդ տարուան նոյն եռամսեակին համեմատ: Մենք նաեւ կը նկատենք ներդրումներու պահանջի զգալի աճ Թուրքիոյ մէջ:

«Միացեալ Նահանգներու ուղղակի ներդրումներու ընդհանուր գումարը Թուրքիոյ մէջ հասած է 13 միլիառ տոլարի, իսկ թրքական ընկերութիւններու ներդրումները Միացեալ Նահանգներու մէջ` 7.2 միլիառ տոլարի: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել ամերիկեան բոլոր ընկերութիւններուն, որոնք կը վստահին Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ տնտեսութեան»:

Զարմանալիօրէն Էրտողան այնուհետեւ որոշեց ամերիկացի գլխաւոր  ղեկավարներուն պատմել Պայտընի կողմէ ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, այսպիսով անոնց տեղեկացնելով հայերու դէմ օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած զանգուածային սարսափելի ոճիրներուն մասին:

«Թէեւ նախագահ Պայտընի յայտարարութիւնը 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին լրացուցիչ բեռ մը կը դնէ մեր յարաբերութիւններուն վրայ, այսուհանդերձ, կը հաւատամ, որ հանդիպումը, զոր մենք պիտի ունենանք պարոն Պայտընի հետ ՕԹԱՆ-ի գագաթաժողովին (յունիսին),  պիտի արձանագրէ նոր դարաշրջանի մը սկիզբը», յոյս յայտնեց Էրտողան:

Ապա Էրտողան հակասեց իր դաժան, անմարդկային, հակասեմական եւ  ցեղային խտրականութեան հանրային բազմաթիւ յայտարարութիւններուն ու քաղաքականութեան` ըսելով. «Մենք երբեք թոյլ չենք տուած եւ թոյլ չենք տար, որ խեղաթիւրուած մտածելակերպերը, ինչպիսիք են` այլատեացութիւնը, հակասեմականութիւնը եւ ցեղային խտրականութիւնը, տեղ գտնեն մեր հասարակութեան մէջ: Մենք վճռականօրէն կը շարունակենք մեր ջանքերը` բարեփոխելու տնտեսութիւնը, ազատութիւնները, օրէնքներն ու արդարութիւնը` ըստ փոփոխուող պայմաններուն եւ կարիքներուն: Մենք հանրութեան ներկայացուցած ենք մարդկային իրաւունքներու գործողութիւններու մեր ծրագիրը եւ տնտեսութեան բարեփոխումներու մեր ծրագիրը»:

Ստորեւ կը ներկայացնենք ցուցակը գլխաւոր գործադիր այն ղեկավարներուն, որոնց հետ Էրտողան հանդիպած է.

«Քարկիլ» սննդամթերքի բաղադրիչներու եւ կենսաարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու աւագ փոխնախագահ Տէյվիտ Ուեպսթըր. DowAksa-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Տակլըս Փարքս. «Հիլթըն»-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիս Նասեթա. MetLife-ի նախագահ Նուրիա Կարսիա (Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք, Ափրիկէ). «Նեթֆլիքս»-ի ֆինանսական տնօրէն Սփենսըր Նէօմըն. «Պոյինկ» օդանաւային ընկերութեանց գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթան Տիլ. Kellogg ընկերութեան նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթիւըն Քեհըլէյն. «Կուկլ»-ի հանրային քաղաքականութեան գծով փոխ նախագահ Քարան Պհաթիա (Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք, Ափրիկէ եւ Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջան). GE  օդագնացութեան  նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Ճան Սլաթըրի. Varian Medical Systems-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քրիս Թաթ. PepsiCo-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սիլվիու Փոփովիչի (Եւրոպա). «Ամազոն»-ի հանրային քաղաքականութեան գծով փոխնախագահ Սիւզըն Փոյնթըր. Cheniere Energy-ի առեւտրային տնօրէն Անաթոլ Ֆէյկըն. Citi-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Տէյվիտ Լիվինկսթոն  (Եւրոպա, Մերձաւոր Արեւելք, Ափրիկէ). Procter & Gamble-ի նախագահ Լոյք Թասըլ (Եւրոպա). Progress Rail-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մարթի Հէյքրաֆթ. Tellurian Inc.-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Օքթաւիօ Սիմոէս. Medtronic-ի փոխնախագահ եւ Եւրոպայի բաժնի աւագ փոխ նախագահ Ռապ թեն Հոեըթ. Archer Daniels Midland-ի Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի բաժնի նախագահ Իսմայիլ Ռոյկ.  Microsoft-ի ընկերութեան  փոխնախագահ, Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի բաժնի ղեկավար Սամըր Ապու Լըթայֆ. Cisco-ի աւագ փոխնախագահ եւ  ընկերութեան  ռազմավարութեան ղեկավար  Մայքըլ Թիմընի. Honeywell Aerospace-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Մայք Մատսըն. Nova Power Solutions-ի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սթիւ Զիֆ. Coca-Cola ընկերութեան նախագահ (Եւրոպա եւ Մերձաւոր Արեւելք) Ճենի Սթոյիչքովա. Johnson & Johnson-ի զարգացող շուկաներու գծով նախագահ Ճորճիօ Միլեզի եւ Baker Hughes-ի փոխնախագահ (Մերձաւոր Արեւելք, Թուրքիա, Հիւսիսային Ափրիկէ) Զահեր Իպրահիմ:

Այժմ դիմենք աշխարհի  մեծագոյն  տնտեսագետներէն` Թուրքիա ծնած հայազգի Տարօն Աճեմօղլուի, որ ներկայիս Պոսթընի` Մասաչուսեցի արհեստագիտական հիմնարկի տնտեսագիտութեան դասախօս է: Անոր անունը յաճախ կը նշուի իբրեւ Նոպելեան մրցանակի ապագայ թեկնածու:

Տեսազրոյցի ընթացքին Աճեմօղլու ուղղակիօրէն հակասեց Էրտողանի` Թուրքիոյ տնտեսութեան վերաբերեալ քարոզչական պատկերին` ըսելով. «Ես մեծ մտավախութիւն ունիմ, որ տնտեսական ճգնաժամը կրնայ խորանալ Թուրքիոյ մէջ»:

Ահա՛ որոշ հատուածներ` Թուրքիոյ տնտեսութեան անմխիթար վիճակին մասին Աճեմօղլուի նկարագրութենէն.

«Երբ Թուրքիա սկսաւ նախագահական ընտրութիւններու, եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուեցաւ պալատ, ասիկա մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ:

«Այս ազգայնական եւ  մենատիրական  ամբոխավարական  վարչակարգերը կամ այդ շարժումները, ընդհանուր առմամբ, կը թուլցնեն պետական  տարողութիւնը, երբ կը հասնին իշխանութեան: Ասիկա եւ՛ ռազմավարութիւն է, եւ՛ բան մը, զոր անոնք ակամայ կ՛ընեն, քանի որ չեն կրնար ղեկավարել օրինականութեամբ: Մենք ասիկա կը տեսնենք Հնդկաստանի, Պրազիլի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Հունգարիոյ մէջ:

Այն երկիրները, ուր «քորոնա» համաճարակի պատճառով ամէնէն աւելի մարդիկ մահացած են աշխարհի վրայ, եղած են` Պրազիլը, Թուրքիան, Հնդկաստանը, Ռուսիան եւ ամբոխավարական մենատիրական վարչակարգերը, ինչպէս, օրինակ, Ամերիկան` Թրամփի կառավարման տարիներուն:

Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին Թուրքիա կ՛ապրի տնտեսական իր ամէնէն ծանր ճգնաժամերը: Եղած են խոր ճգնաժամեր, որոնք սկսած են ոչ միայն համաճարակէն ետք, այլեւ` անկէ առաջ: Պարտքերու աւելացում, հաշուեկշիռներու վատթարացում, արդեօք կարելի՞ է  դրական արդիւնքի հասնիլ ասոնց դէմ: Ո՛չ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ պաշտօնակալութեան մէջ թիւով քիչ մարդիկ կան, որոնք կրնան պատշաճ կերպով գործ ունենալ տնտեսութեան հետ եւ բարելաւել զայն: Յատկապէս Պերաթ Ալպայրաքի (տնտեսութեան եւ գանձապետարանի նախարարը եւ Էրտողանի փեսան) օրով յառաջացած  խմբակը  չէր կրնար ճիշդ մօտեցում ցուցաբերել, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Ժողովրդավարութիւնը շատ առաւելութիւններ ունի բռնապետութիւններու եւ  մենատիրական  համակարգերու հետ բաղդատած: Սակայն այս վերջիններուն ամէնէն մեծ առաւելութիւններէն մէկը եղաւ ձգտումը` գլխաւոր սխալները, տաղանդներն ու անկարողութիւնը  առաջնակարգ  դիրքերու  վրայ  պահելու, ինչ որ շատ աւելի թոյլ է,  յատկապէս երբ Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ են եւ ամբողջ իշխանութիւնը հաւաքուած է պալատ, ինչ որ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ տնտեսական քաղաքականութեան վրայ:

«Յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն անգործութիւնն ու անհաւասարութիւնը (Թուրքիոյ մէջ)  հասած են շատ բարձր մակարդակի:

«Առեւտուրի կեդրոններն ու շինարարական ընկերութիւնները, որոնք հինգ տարի շարունակ իրենց հաշուեկշիռին մէջ հսկայական հարցեր ունեցած են, բայց դեռ կանգուն են: Որքա՞ն  եւս կրնան կանգուն մնալ: Ինչպիսի՞ն կ՛ըլլայ ազդեցութիւնը դրամատուներուն վրայ: Տակաւին որքա՞ն պիտի յաջողինք պահպանել տոկոսադրոյքներու ներկայ քաղաքականութիւնը, երբ մեր պահուստները շատ նուազած են: Այս չափերը, ամենայն հաւանականութեամբ, հետզհետէ շատ աւելի բացասական պիտի դառնան: Այս հարցերը ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ ուրիշ վայրերու մէջ եւս առկայ են, բայց ուր որ տեսնես նման հարցեր, տեսած կ՛ըլլաս տնտեսութիւնը ճիշդ չկառավարելու որոշումներուն դերը»:

Յոյսով եմ, որ ամերիկացի գլխաւոր ղեկավարները յաւելեալ ուշադրութիւն կը դարձնեն Աճեմօղլուի ճշգրիտ գնահատման, քան` Էրտողանի քարոզչութեան, որ Թուրքիան հասցուց տնտեսական աղէտի:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Մահուան Քառասունքին Առիթով Բարսեղ Գույումճեանի Անմոռանալի Յիշատակին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?