Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շեշտելով Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները Ազատ Արձակելու Անհրաժեշտութիւնը` «Հակառակ Անոր Որ Զինադադարը Համաշխարհային Առումով Կը Պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ, Սակայն Տակաւին Շատ Ընելիքներ Կան» Կ՛ըսէ Մաքրոն

June 2, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

«Հակառակ անոր որ զինադադարը համաշխարհային առումով կը պահպանուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, սակայն տակաւին շատ ընելիքներ կան: Եւ Ֆրանսան պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան: Ես կը խօսիմ բոլոր պահուող անձերը ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին, միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու մուտքի սահմանափակումներու վերացման եւ ականապատուած տարածքներուն մէջ լուրջ խնդիրներու մասին», լրագրողներուն ըսած է Մաքրոն` Փարիզի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն առաջ:

Բացի ատկէ, Ֆրանսայի նախագահը մատնանշած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Անկախ անկէ` խօսքը քրիստոնէական, թէ իսլամական ժառանգութեան մասին է, անիկա պէտք է պաշտպանուի», շեշտած է ան` աւելցնելով. «Եւ Ֆրանսան, իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ միասին, պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրէ կողմերուն միջեւ լարուածութեան մեղմացման եւ երկխօսութեան վերականգնման հասնելու համար»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Փարիզի Մէջ Բողոքի Ցոյցերով Դիմաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը

Յաջորդը

Ակնարկ. Հրաժարականով Հնչող Ահազանգը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.