Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի Ու Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Գործադուլ` 26 Մայիսին

May 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ ընդհանուր գործադուլ պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 26 մայիսին:

Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները, այլ խօսքով` ցամաքային փոխադրութեան մարզը եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը, որուն ընթացքին պիտի չփակուին ճամբաներ, այլ` կարգ մը շրջաններու մէջ պիտի կատարուին համախմբումներ, նստացոյցեր եւ ինքնաշարժով երթեր:

Թլայս յայտնեց, որ վառելանիւթի, դեղորայքի եւ սննդեղէնի համար լիբանանեան պետութեան տրամադրած նիւթական նպաստը կասեցնելու պարագային հանրային փոխադրութեան համար ճշդուած նուազագոյն սակը պիտի հասնի 14.000 լ. ոսկիի:

«Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտավարութիւն մշակէ, իսկ հատուցման քարտի պատրաստութեան առումով լուրջ աշխատանք կը կատարուի», հաստատեց Թլայս:

Իր կարգին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց այն շրջանները, որոնք ճշդուած են 26 մայիսին տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցերն ու համախմբումները կատարելու: Այդ շրջաններն են.

– Հիւսիսային Լիբանան- Թրիփոլի, Փալմայի մուտքին` առաւօտեան ժամը 8:30-ին:

– Պէյրութ- Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնատեղի, Քոռնիշ Նահըր` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:

– Լեռնալիբանան- Ալէյ, սերայի հանդիպակաց հրապարակ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

– Հարաւային Լիբանան- Նապաթիէ, սերայի հանդիպակաց հրապարակ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ինչպէս նաեւ Սայտա, քաղաքապետարանի հրապարակ` առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

– Պեքաա – Զահլէ, Մանարա առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ինչպէս նաեւ Պաալպեք, Ժապալի հրապարակ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Իր կարգին, վառելանիւթ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ վարչապետարանէն խոստում ստացած են որոշ գումար մը ստանալու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին համար վառելանիւթ ապահովել:

 

 

 

Նախորդը

Թուրք Դեսպանը Կ՛այցելէ Սայտա

Յաջորդը

Փեթրա Խուրի. «Ապահովագրութեան Բոլոր Հաստատութիւնները Սնանկացած Են»

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.