Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Պատմամշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Հարցը Կը Քննարկուի Թէ՛ Պաքուի, Թէ՛ Երեւանի Հետ» Կ՛ըսէ Զախարովա

May 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատասխանած է հայ լրագրողի` Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ հարցումին:

Լրագրողը նշած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այսպէս կոչուած «վերանորոգման աշխատանքներ»-ու անուան տակ կազմաքանդած են Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթը` նպատակ ունենալով փճացնել եկեղեցւոյ հայկական ճարտարապետական տեսքը: Բացի ատկէ, Ազրպէյճանի իշխանութիւնները խախտած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերը` յառաջ բերելով հակագիտական թեզեր Արցախի հայկական եկեղեցիներուն վերաբերեալ:

«Ի՞նչ է իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ռուսիոյ արձագանգը այս իրադարձութիւններուն» հարցումին Զախարովա պատասխանած է. «Պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ պարբերաբար կը քննարկուի մեր հաղորդակցութիւններուն մէջ` թէ՛ Պաքուի, թէ՛ ալ Երեւանի հետ:

«Ատիկա մասնաւորաբար քննարկուած է մայիսի առաջին կիսուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի` Հայաստան եւ Ազրպէյճան կատարած աշխատանքային այցելութիւններուն ընթացքին: Մենք հանդէս կու գանք շրջանին մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան շուտափոյթ կազմակերպման օգտին, կ՛աշխատինք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ծիրին մէջ, համանախագահներուն կողմէ այս տարուան 13 ապրիլին որդեգրուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնն ու պաշտպանութիւնը ցանկին մէջ է այն հարցերուն, որոնք Ազրպէյճանէն եւ Հայաստանէն կը պահանջեն լրացուցիչ ջանքերու գործադրում»:

 

Նախորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Լաւրովի Հետ Քննարկած Է Արցախին Վերաբերող Զարգացումները

Յաջորդը

Նշելով, Որ Հայաստան Արցախը Պէտք Է Ճանչնայ Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս. Ալիեւ. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Քննարկման Ենթակայ Չէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.