Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Հայ Ռազմագերիները, Եւ Կը Քննադատէ Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան Խախտումը

May 21, 2021
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը կ՛ողջունէ Եւրոպական խորհրդարանի հրատապ բանաձեւը, որով Ազրպէյճանէն կը պահանջուի անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերիները, որոնք ապօրինի կը պահուին Ազրպէյճանի կողմէ: Միջկուսակցական միասնական բանաձեւը, որ ստորագրած են Եւրոպական խորհրդարանի հինգ մեծագոյն քաղաքական խումբերը ներկայացնող երեսփոխաններ, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած է 20 մայիսին: Բանաձեւի քուէարկութիւնը տեղի ունեցաւ լիագումար նիստէն ետք, երբ բազում խորհրդարանականներ վճռականօրէն դատապարտեցին հայ ռազմագերիներուն նկատմամբ ազրպէյճանական բարբարոսական պահուածքը եւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեցին աշխուժօրէն մասնակցելու անոնց ազատման գործընթացին:

Բանաձեւով, Եւրոպական խորհրդարանը խոր մտահոգութիւն կը  յայտնէ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ բազմաթիւ հայ գերիներու պահման ստորացուցիչ պայմաններուն, անոնց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքին եւ խոշտանգումներուն վերաբերեալ: Աւելի՛ն, Եւրոպական խորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին խստօրէն յարգելու միջազգային մարդասիրական իրաւունքը, ըստ որուն` ռազմագերիներու նկատմամբ վատ վերաբերմունքը ռազմական յանցագործութիւն է:

Խորհրդարանը կը բարձրացնէ այն հարցը, որ Ազրպէյճանը կը հրաժարի համագործակցիլ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու հետ, օրինակ` Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութիւնը: Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանին կը յորդորէ դադրեցնել հայ ռազմագերիներու մօտ այդ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, իրաւաբաններու, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու եւ բժիշկներու մուտքի արգելքը: Բացի ատկէ, բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանի կառավարութեան լիարժէքօրէն համագործակցելու Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին հետ` տրամադրելով գերութեան մէջ գտնուող բոլոր անձերուն ամբողջական ցուցակը եւ մանրամասն տեղեկութիւններ անոնց պահման պայմաններուն ու առողջական վիճակին վերաբերեալ: Իբրեւ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ, Ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանի միջանկեալ միջոցներու կիրարկումը, ինչ որ չի կատարեր:

Հայ ռազմագերիներու հարցէն բացի, բանաձեւը կը քննադատէ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու վերջին ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք` ատիկա դիտելով իբրեւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային իրաւունքի խախտում:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ ցաւ կը յայտնէ, որ Ազրպէյճանի մէջ ատելութեան խօսքը եւ հայատեացութիւնը բարձրացած են պետական քաղաքականութեան մակարդակի: Մասնաւորապէս անդրադարձ կը կատարուի Պաքուի մէջ այսպէս կոչուած «Ռազմական աւարի պուրակի» բացումին` կոչ ուղղելով անյապաղ փակել ատիկա:

Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ իր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու  ջանքերուն եւ անոնց լիազօրութեան ԵԱՀԿ-ի 2009-ի հիմնարար սկզբունքներուն, այդ կարգին ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ գտնել տագնապի կայուն եւ խաղաղ լուծում: Ամփոփելով, բանաձեւը նաեւ կ՛ընդգծէ Արցախ մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկելու, տեղւոյն հայ բնակչութեան եւ վերջինիս մշակութային ժառանգութեան անվտանգութիւնը ապահովելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

Մեկնաբանելով բանաձեւը` ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նկատել կու տայ. «Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւով Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական ծառայութիւնը իրենց ձեռքին մէջ ունին լրացուցիչ ուժեղ գործիք աւելի յստակ գործելու եւ իրենց բոլոր քաղաքական ու դիւանագիտական լծակները օգտագործելու բոլոր հայ գերիները վերադարձնելու համար: Բացարձակ խայտառակութիւն է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛օգտագործեն այս մարդկային հարցը իբրեւ սակարկութեան առարկայ` աշխարհաքաղաքական կամ տարածքային շահերու համար: Հայ ռազմագերիներու` մարդկայնօրէն վերաբերուելու եւ անոնց կալանքէն ազատ արձակուելու իրաւունքները երաշխաւորուած են նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած միջազգային համաձայնագիրներով: Պատերազմի աւարտէն ի վեր Ազրպէյճանը կը խախտէ զանոնք»:

«Կարեւոր է նաեւ, որ բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը յստակօրէն կը քննադատէ Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան շարունակական ոտնահարումը: Ազրպէյճանի ներխուժումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի միջազգային հանրութեան կողմէ», կ՛եզրափակէ Կարապետեան:

ՀՅԴ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

Նախորդը

Պարսելոնայի Քաղաքային Խորհուրդը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր  Փոխանակեցին Խաղաղութեան  Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ
Հայկական

Փաշինեան Եւ Ալիեւ Տապլինի Մէջ Միտքեր Փոխանակեցին Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջմղման Շուրջ

November 14, 2026
Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի  Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի  Անունով Կոչելու Որոշումը
Հայկական

Պաքու «Բարբարոսութիւն» Նկատեց Երեւանի Կապոյտ Մզկիթի Դահլիճը Եղիշէ Չարենցի Անունով Կոչելու Որոշումը

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.