Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան. «Նոր Քաղաքական Ուժերը Թոյլ Պիտի Չտան, Որ Հայաստանի Սահմանը Այսպէս Հանգիստ Բզկտեն»

May 20, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան կը հասկնայ, որ 20 յունիսէն ետք նոր քաղաքական ուժերը թոյլ պիտի չտան Հայաստանի տարածքը այսպէս հանգիստ կերպով բզկտել: Այս հաստատումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Խաչատրեան` «Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խնդիրներ. յետպատերազմեան իրավիճակ, անվտանգային հրամայականներ, ներքաղաքական հիմնահարցեր, նախընտրական զարգացումներ» նիւթով քննարկումի ընթացքին:

Ան նշեց, որ իրենք կը զգուշացնէին` մէկ պարտութիւնը բազմաթիւ նոր պարտութիւններու դուռ պիտի բանայ, որովհետեւ ան, որ զիջումներու կը սկսի, անոնց շարքը պիտի երկարէ:

«Պատերազմի աւարտէն ետք թուրքերը յայտնուեցան Շուռնուխի, իսկ հիմա արդէն` Սեւ լիճի տարածքին եւ Վերին Շորժայի մէջ. պատահական չէ, որ ազրպէյճանցիները հիմա յարձակեցան Սեւ լիճի, Վերին Շորժայի հատուածին վրայ: Ատիկա պայմանաւորուած է այն փաստով, որ կը հասկնան` 20 յունիսէն ետք Հայաստանի մէջ իրավիճակ պիտի փոխուի, նոր քաղաքական ուժերը թոյլ պիտի չտան, որ Հայաստանի սահմանը, տարածքը այսպէս հանգիստ բզկտեն», հաստատեց Խաչատրեան:

Դաշնակցական գործիչին համար ակնյայտ է, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանք, որքան ալ փորձեն այս մէկը հերքել:

«Ազրպէյճանցիներուն նպատակն է օրինականացնել Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Ազրպէյճանի միջեւ գծուած վարչական սահմանը, հակառակ անոր որ 18 հոկտեմբեր 1991-ի սահմանադրական որոշումով Ազրպէյճանը ինքզինք չի նկատեր Խորհրդային Ազրպէյճանի իրաւայաջորդ, բայց յատուկ այս պարագային կը ձգտի վերադառնալ այդ սահմաններուն», ըսաւ Արթուր Խաչատրեան:

Եթէ Հայաստան ասոր համաձայն գտնուի, պիտի կանգնինք Տաւուշի մարզին մէջ ազրպէյճանական անքլաւներու խնդիրին դէմ յանդիման: «Այս պարագային կը փակուի ճամբան դէպի Բերդ: Եթէ ազրպէյճանցիները վերադառնան Վերին եւ Ներքին Ոսկեպար, կը փակուի ճամբան դէպի Նոյեմբերեան, եթէ ազրպէյճանցիները վերադառնան Տիգրանաշէն, կը յայտնուին Հայաստանի կեդրոնը: Եւ այդ վտանգը կայ», յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամը:

Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ պարտուող վարչապետը ուզեց ապացուցել, որ խաղաղասէր է, ժողովուրդը այսօր ազատած է պատերազմի վտանգէն, բայց եթէ յանկարծ կրկին զիջումի քայլ առնէ, մենք պիտի կորսնցնենք Հայաստանը:

«Հիմա կանգնած ենք գոյութենական խնդիրի առջեւ, եթէ այսօր զիջինք, Հայաստանի ապագան պիտի ըլլայ շատ մշուշոտ», նշեց Արթուր Խաչատրեան:

Նախորդը

Քանատան Յաւելեալ 1 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Կը Տրամադրէ Արցախի Հանրապետութեան Մէջ Մարդասիրական Աշխատանքներու Իրականացման Համար

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Փաստը Եւ Կը Դատապարտէ Թուրքիան` Ազրպէյճանի Զինուորական Գործողութիւններուն Աջակցելուն Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.