Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանէն Պիտի Պահանջէ Իր Ուժերը Հեռացնել Հայաստանի Տարածքէն» Կ՛ըսէ Սալիվըն

May 19, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ անընդունելի եւ սադրիչ կը նկատեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանին մէջ ազրպէյճանական ուժերու կատարած գործողութիւնները: Միացեալ Նահանգները իրենց դիրքորոշումը պիտի ներկայացնեն նաեւ ազրպէյճանական ղեկավարութեան` պահանջելով ուժերը հեռացնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվընը` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:

Վարչապետի պաշտօնակատարի մամլոյ ծառայութենէն կը յայտնեն, որ ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին զրուցակիցները խօսած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած կացութեան մասին:

«Ամերիկեան կողմը իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն առնչութեամբ եւ ընդգծած անոնց վերադարձի ապահովման կարեւորութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Սպիտակ տունը հաղորդեց. «Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն այսօր անջատաբար խօսեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Պրն. Սալիվըն արտայայտեց Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը: Ան մտահոգութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին լարուածութեան նկատմամբ եւ շեշտեց, թէ չսահմանազատուած սահմաններու մօտ զինուորական շարժումները անպատասխանատու եւ սադրիչ են: Ան ողջունեց երկու կողմերուն միջեւ ընթացող հաղորդակցութիւնը եւ երկու ղեկավարներուն այս հարցը խաղաղօրէն լուծելու յանձնառութիւնը: Աւելի՛ն, ան ընդգծեց երկու երկիրներուն` իրենց միջազգային սահմանները սահմանազատելու պաշտօնական քննարկումներ կատարելու կարիքը: Վերջապէս, ան Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը արտայայտեց երկկողմանի եւ իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ աշխատանքի ճամբով շրջանային հաշտութեան հասնելու նկատմամբ»:

Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Սալիվընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է այն կարծիքը, որ երկու երկիրներու սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ Հայաստանի արձագանգը կրնայ լարուածութեան աճի յանգեցնել:

Ալիեւ Սալիվընին բողոքած է, որ Հայաստանի սահմանին վրայ տիրող կացութեան վերաբերեալ արձագանգը «ոչ պատշաճ է», իսկ այդ հարցը միջազգայնացնելու անոր փորձերը կրնան յանգեցնել շրջանին մէջ լարուածութեան աճի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ալիեւ համաձայնած է Սալիվընի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջազգային սահմաններու սահմանազատման շուրջ բանակցութիւններ սկսելու մասին կարծիքին եւ «ընդգծած է այս հոլովոյթի կատարման կարեւորութիւնը` համաձայն 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն Ալիեւի հետ զրոյցին ընթացքին ընդգծած է ազրպէյճանական ուժերու հեռացման կարեւորութիւնը եւ շեշտած միջազգային սահմաններու սահմանազատման խնդիրին շուրջ կողմերու կառուցողական քննարկումներու անհրաժեշտութիւնը:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Սահմանային Կարգաւորման Հարցին Մէջ Պիտի Օգնէ Երեւանին Ու Պաքուին, Եթէ Երկուստեք Խնդրեն» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Յաջորդը

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Փոխնախարարն Ու Իրանի Դեսպանը Քննարկած Են Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանի Կացութիւնը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.