Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակետ. «Ազդակ» Առցանց Լսարան 27-րդ Հանդիպում Հայկ Օշական

May 19, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ

Բարեկամի մը միջոցով, պատահմամբ ունեցայ «Ազդակ լսարան»-ի 27-րդ հանդիպման տեսերիզը, սփռուած 9 ապրիլ 2021-ին: Հաճոյքով մտիկ ըրի` դիտելով, օրուան զեկուցաբեր` փրոֆ. Հայկ Օշականի ելոյթը «Սփիւռք-ինքնութիւն-վերադարձ» նիւթի մասին: Անվիճելիօրէն հետաքրքրական է Հայկի տեսակէտը այս նիւթի առնչութեամբ եւ զարմանալի` միանգամայն, որովհետեւ ըսածները համարձակութիւն կը պահանջէին, յատկապէս երբ կ՛ըսէր, որ «երկիր վերադարձ չկայ»: Յանդգնութիւն կ՛ուզէր ասիկա ըսելու անոր համար, որ այսօրուան քաղաքական ղեկավարութիւնը «դէպի երկիր» գաղափարին վրայ սեւեռած է իր քարոզչութիւնը: Շեշտ կը դնէր նաեւ սփիւռքէն Հայաստան նիւթական ներդրումներու վատնումի մասին, ինչը պատճառ դարձած էր սփիւռքեան կառոյցներու տկարացման:

Հայաստանակեդրոն մտածելակերպի դիմաց կ՛առաջարկէր ազգը միացնող, անկախ սահմաններէ, ազգակեդրոն մտածողութիւն մը, հայակեդրոն իմաստով, եթէ կարելի է ըսել: Լսարանէն մասնակից մը յիշեց Հայկի հօր` Վահէ Օշականի աւելի քան 40 տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հրապարակայնօրէն յայտարարած մէկ խօսքը, որ իր ժամանակին մեծ աղմուկ յարուցած էր, թէ «Սփիւռքը օտարութիւն չէ, այլ` հայրենիք»: Կարծէք յուշում մըն էր, որ արտայայտուած գաղափարներուն մէկ մասը բոլորովին ալ նոր չէր:

Կէս ժամնոց այլ ելոյթէն ետք հարցումներ եղան լսարանի մասնակիցներուն կողմէ: Բնական է, որ ունկնդիրներուն մէջ պիտի գտնուէին մարդիկ, որ ունենային տարբեր կարծիք եւ մօտեցում` նիւթին կապակցութեամբ: Պէտք է ընդունիլ, որ բարդ է նիւթը: Հայկի յայտնած գլխաւոր մտքերուն կրնանք հանդիպիլ նաեւ տարիներէ ի վեր աքսորաբանական գրականութեամբ զբաղող հեղինակներու` ինչպէս Գրիգոր Պըլտեանի, Վահէ Օշականի, Մարկ նշանեանի եւ այլոց մօտ: Հակառակ այս իրողութեան, սփիւռք իրավիճակը` ազգի ղեկավարներու կողմէ չդրուեցաւ լինելութեան մակարդակի վրայ, տեղի չունեցաւ սփիւռքաշինութիւնը: Ասոր համար, ցաւալի է ըսել, որ արեւմտահայերէնը մերձեցաւ ի դուռն գերեզմանի: Սփիւռքի կառուցման հիմնաքարը ըլլալով ԼԵԶՈՒՆ, չես գիտեր, ինչո՞ւ, սփիւռքի արեւմուտքի հատուածին մէջ Խօսք-Լեզուն չգործեց, չբանեցաւ: Այն, որ ընկերային շաղախն է հաւաքականութեան: Մինչեւ օրս, հակառակ մտաւորականներու ահազանգին, հաստատութիւններուն հոգը չեղաւ վերանայումը հարցին` նախաձեռնելու համար կառուցման աշխատանք մը: Հայը, որ միշտ անկարելիին կարելին փորձած է, ի՞նչ պատահեցաւ, որ սպառեցաւ, հրաժարեցաւ պայքարելէ, մտաւ ծայր աստիճան կրաւորական կարգավիճակի մէջ: Ի՞նչ եղաւ անոր ներգործող ուժին… Ճիշդ է, որ արեւմտեան այս պայմաններուն մէջ ահաւոր դժուար  է կազմակերպել, գրեթէ անկարելի, լեզուին` արեւմտահայերէնին վերակենդանացման աշխատանքը. այնքան սարսափելի են խոչընդոտները լեզուն գործածական դարձնելու, բայց ճարը կայ բառնալու դժուարութիւնները… Կամք, առաւել աշխատանք` հաւասար է յաջողութիւն, լսած ենք հիներէն: Կարդալ պէտք է աքսորաբանութեան այժմու գրականութիւնը: Հաստատութիւնները կ՛աւաղեն անշուշտ` տեսնելով ողբալի կացութիւնը սփիւռքի գոյավիճակին, բայց հոն կը դադրի իրենց յուզման պահը: Ցեղասպանութեամբ զբաղող կեդրոններն ալ յստակ քաղաքականութիւն մը չորդեգրեցին սփիւռքը մշակութացնելու ուղղութեամբ, Ճիշդ է, որ Գերմանիոյ Պոխում քաղաքի համալսարանի Սփիւռքահայութեան եւ Ցեղասպանութեան կեդրոնի հիմնադիր փրոֆ. Միհրան Տապաղ, յաւուր պատշաճի առիթներով, յիշած է իր ելոյթներուն մէջ սփիւռքը մտաւորականացնելու պարագան` նշելով միշտ, թէ կը պակսի ձեւաւորուած համակարգ մը, ուր քով-քովի կարենային գալ, կազմակերպելու տենդէն մղուած, գիտնականներ, մտաւորականներ` միասին լուծումներ փնտռելու համար կրթական, մշակութային, պատմական եւ այլ հարցերու վերաբերեալ, որոնք կ՛օգնեն եւ օգտակար են սփիւռքի կենսունակութեան:

Այս օրերուն «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը որոշ յոյս կը ներշնչէ:

Անոնք, որոնք առիթը ունեցան «Նոր Յառաջ»-ի մէջ կարդալու «Սփիւռքի հետազօտական ծրագիրը» յօդուածաշարքը, նկատեցին լուրջ մտահոգութիւնը «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան: Հսկայական, ընդարձակածաւալ ուսումնասիրութիւն մը, որ տակաւին աւարտած չէ, շարունակելի է, ուր լայն տեղ յատկացուած է սփիւռքի մշակութային երեսին: Այս աշխատանքը կը նմանցնեմ ճարտարապետական նախագծի մը, որուն նախաձեռնած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան»: Մաղթելի է, որ, ոչ շատ ուշ, մօտիկ ապագային կառոյցը հետեւի նախագծին: Սփիւռքը կերպարանքի պէտք ունի` խորանարդուած եւ շօշափելի:

Հարց տրուեցաւ լսարանին մէջ, սփիւռքի առանձին ինքնակազմակերպման պարագային, ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայկական դիմագիծը` առանց Հայաստանի: Դժբախտաբար այս հարցումին յստակ պատասխան չտրուեցաւ: Չյիշեցին Պոլսոյ օրինակը, ուր կար գաւառի գրականութիւնը, որ կը բխէր Հայաստանի հողէն, եւ` Պոլսոյ գրականութիւնը, որ չէր բխեր հողէն. բայց ո՞վ ըսաւ, որ այս վերջինը հայկական չէր: Հայկական չէ՞ր միթէ «Վարժապետին աղջիկը» եւ կամ ուրիշ գործեր: Քանի որ ԼԵԶՈՒՆ կը բանէր, կը գործէր, եւ Պոլսոյ կեանքը կը հայկականանար:

Ուրիշ օրինակ մը… Իրանահայոց համայնքը չորս հարիւր տարիներէ ի վեր կը դիմանայ` պահելով հայկական դիմագիծը, պարզապէս որովհետեւ լեզուն կը բանի:

Թող բանի լեզուն, անկէ ետք տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս սփիւռքը հայկական չ՛ըլլար:

«Ա՜խ, լեզուն, լեզուն որ չըլլի, մարդ ի՞նչ բանի նման կ՛ըլլի…»:

«Նոր Յառաջ»
Փարիզ, 13 ապրիլ 2021

 

Նախորդը

Մեր Կորուստները. Մահացած Է Արժանթինահայ Նշանաւոր Երգահան Ու Խմբավար Ժան Ալմուխեանը

Յաջորդը

Ոճրագործ Եւ Ահաբեկիչ Պետութիւններ` Իսրայէլ, Թուրքիա Եւ Ազրպէյճան

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.