Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆիթրի Տօնին Առիթով Երկիրը Փակ Կը Մնայ Երկու Օրուան Համար` Սկսեալ Տօնին Ա. Օրէն

May 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆիթրի տօնին առիթով երկիրը երկու օրով  փակ պիտի մնայ երկու օրուան համար` սկսեալ տօնին Ա. օրէն: Երկրին ամբողջական փակումը կը սկսի տուեալ օրուան` հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-ի առաւօտեան ժամը 5:00-էն:

Այս ընթացքին կրնան երթեւեկել նախապէս յայտարարուած յատուկ մարզերու անդամները: Նմանապէս, քաղաքացիներ կրնան երթեւեկել այս գծով հաստատուած ելեկտրոնային յատուկ հարթակի «հաւանութիւնը» ստանալէ ետք:

Լիբանանի մէջ աղէտները հակակշիռի տակ առնելու ազգային խորհուրդի գործադիր գրասենեակը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ երկրին մէջ «Քորոնա» համաճարակին իրականութիւնը քննելէ ետք խորհուրդը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ ամբողջական փակումի որոշումը բծախնդրութեամբ յարգուի:

Այս որոշումէն զանց կը կացուցուին այն անհատները, որոնք բացառութիւն կը նկատուին, իսկ անոնք, որոնք ճամբայ պիտի ելլեն` ուղղուելու համար հիւանդանոց, դեղարան, պենզինի կայարան եւ հանրախանութ, պէտք է արտօնութիւն ստացած ըլլան covid.pcm.gov.lb կայքէն:

Խորհուրդը հոգեւոր հեղինակութիւններէն խնդրեց յանձնառու մնալ «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութիւններուն, ինչպէս նաեւ յանձնառու մնալ, որ աղօթավայրերը չխճողուին, այլ միայն 30 առ հարիւրով լեցուին:

Պէյրութի միջազգային օդակայն ուղղուող անհատները պէտք է իրենց հետ ունենան իրենց ճամբորդական տոմսին օրինակը:

Լիբանանի մէջ աղէտները հակակշիռի տակ առնելու ազգային խորհուրդի գործադիր գրասենեակին հրապարակած շրջաբերականը կը նշէ, թէ բանջարեղէնի շուկաները, մսագործներն ու ձկնավաճարները մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 իրաւունք ունին բաց պահելու իրենց վաճառատուները:

«Փուռերը, հանրախանութները, պենզինի կայարանները, դեղարաններն ու հիւանդանոցները շուրջօրեայ դրութեամբ կը գործեն: Պանդոկները, մինի մարքեթները, անուշավաճառներն ու ճաշարանները կը գործեն շուրջօրեայ դրութեամբ, իսկ առաքումի ծառայութիւնը արտօնուած է երեկոյեան ժամը 9:30-էն ետք:

Բացօթեայ ճաշարաններուն պարագային աշխատանքային ժամերը կ՛երկարաձգուին մինչեւ կէս գիշերուան ժամը 12:30, սկսեալ շաբաթ, 15 մայիս 2021-էն, իսկ այն ճաշարանները, որոնք ներքին ճաշասրահներով օժտուած են, բաց կը մնան մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:30:

 

 

Նախորդը

Պասիլ. «Նախքան Ամբողջական Ծրագիրի Ներկայացումը, Վաւերացումն Ու Ֆինանսաւորումը` Նպաստը Պէտք Չէ Կասեցնել»

Յաջորդը

Հըզպալլայի Մօտիկ 7 Լիբանանցիներու Դէմ Պատժամիջոցներ Որդեգրուեցան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.