Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍԱՐՔՈԶԻ ԿՐՆԱՅ ՉՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

February 1, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Ա1+» լրատուական կայքէջին ըսաւ, որ «հաւանական է, որ Նիքոլա Սարքոզի նախագահական ընտրութիւններուն երթայ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը չստորագրած»: Ան հաստատեց այն տեղեկութիւնը, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի 72 անդամներ կրցած են հաւաքել անհրաժեշտ 72 ստորագրութիւնը եւ օրինագիծը մտցնել Սահմանադրական խորհուրդ: Մանոյեանի համաձայն, Սահմանադրական խորհուրդը մէկ ամիս ժամանակ ունի քննարկելու եւ եզրակացութեան գալու օրինագիծին սահմանադրականութեան հարցով:

«Եթէ խորհուրդը եզրակացնէ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական է, անիկա պիտի վերադարձուի Ազգային ժողով, որպէսզի վերջինս քննարկէ եւ վերացնէ օրինագիծի հակասահմանադրական կէտերը», պարզաբանեց Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց իրադարձութեանց զարգացման երեք դիպաշար: Առաջին` Սահմանադրական խորհուրդը կրնայ վճռել, որ օրինագիծը չի հակասեր սահմանադրութեան, երկրորդ` կրնայ վճռել, որ օրինագիծի որոշ դրոյթներ կը հակասեն սահմանադրութեան: «Այդ պարագային է, որ Ազգային ժողովը վերստին հաւաքուելու պատճառ կ՛ունենայ», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Երրորդ տարբերակը, ըստ անոր, ամէնէն անցանկալին է` Սահմանադրական խորհուրդը կ՛որոշէ, որ օրէնքը ամբողջութեամբ հակասահմանադրական է:

«Եթէ մերժէ ամբողջ օրէնքը, հոլովոյթը զերոյէն պիտի սկսի», պարզաբանեց Կիրօ Մանոյեան: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ փաստօրէն այսօրուընէ սկսեալ մէկ ամսուան ընթացքին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի չի կրնար ստորագրել օրէնքը, քանի տակաւին Սահմանադրական խորհուրդը որոշում չէ տուած:

 

Նախորդը

ՄԱՐԻՕ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

Յաջորդը

«ԵԹԷ ՖՐԱՆՍԱ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՅԱՐԳԷ, ՊԷՏՔ Է ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԿԱԶՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.