Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Աք Սարայի Մէջ «Սոֆակէյթ». Կիներու Իրաւունքի Անտեսում

April 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կիները պէտք է ըլլան բոլոր այն դիրքերուն, ուր որոշումներ կը տրուին: … Այնպէս պէտք չէ կարծել, որ անոնք բացառութիւն կը կազմեն»:

ՌՈՒԹ ՊԷՅՏԸՐ ԿԻՆԶՊԸՐԿ
(1933-2020, Միացեալ Նահանգներու
Գերագոյն դատարանի անդամ)

Պարզ անուշադրութեան հետեւանք կամ երկրորդական սխալ մը չէր եղածը` «Սոֆակէյթ»-ը (Ուոթըրկէյթէն ներշնչուած), որ պատահեցաւ երեքշաբթի, ապրիլ 6-ին, Թուրքիոյ նախագահական նստավայր Սպիտակ պալատին` Աք Սարային մէջ, Անգարա: Անոր պատճառով արդարօրէն յուզում բարձրացաւ, ու դեռ շա՜տ փոթորիկներ կրնան ստեղծուիլ:

Դէպքը գրաւեց լրատու աղբիւրներուն անմիջական ուշադրութիւնը: Երբ եւրոպական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, կազմուած` Եւրոխորհուրդի նախագահ տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընէ  (Գերմանիա) եւ Եւրոխորհրդարանի նախագահ  Շարլ Միշէլէ (Պելճիքա), ժամանած էր Անգարա` յատուկ առաքելութեամբ մը խորհրդակցելու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, միայն երկու աթոռ կը սպասէին հակադիր  զրուցակիցներուն: Եւրոպացի երկու պատուիրակները համազօր պաշտօն ունին, եւ ահա Էրտողան գրաւեց աթոռներէն մէկը, իսկ երկրորդին հրաւիրեց Միշէլը` այր մը, ոտքի կանգնած ձգելով տիկին Լէյընը: Ի դէպ, Թուրքիա-Եւրոպա մերձեցման միտող բանակցութեանց օրակարգին վրայ էին բռնութեան կանխարգիլումը եւ… կիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:

Արդեօք կահ-կարասիի պակա՞ս կար աւելի քան 350 միլիոն տոլար արժած շքեղ համալիրին մէջ, որ կը տարածուի երկու հարիւր հազար քառակուսի մեթրի վրայ, կ’ընդգրկէ շուրջ հազար սենեակ եւ ենթաբաժանումներ, նաեւ` համակարգչային  արդիական սարքերով կատարելագործուած փապուղիի դրութիւն մը:

Իրա՛ւ որ «օսմանական ասպնջական ընդունելութիւն» մըն էր եղածը, սարքուած` ապարանքին սուլթանամէտ վարձակալին` Էրտողանի կողմէ. ան նստելու պատշաճ տեղ մը չէր վերապահած տիկին Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյընի, որ պարզապէս «Հը՛մմ» (Եւրոպայի մամուլին մէջ հետզհետէ կրկնուող) բացագանչութիւնը արձակելով` ստիպուեցաւ տեղաւորուիլ բաւական հեռու զետեղուած լայն բազկաթոռին վրայ (սոֆա), եւ փորձեց հետեւիլ զրոյցին: Տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի նստարանը հաւանաբար աւելի հանգստաւէտ էր, սակայն հեռաւորութեան պատճառով յայտնապէս լսելու հարց մը ստեղծած էր, եւ ան դժուարութեամբ կը հետեւէր զրոյցին: Աւելորդ չ’ըլլար կրկնել, որ բանակցութեան նիւթերուն շարքին էին ընտանեկան բռնութեան եւ յատկապէս կիներու իրաւունքներուն հարցերը: Ընդգծելի է, որ սա ոլորտ մըն է, որուն զարգացումներուն այնքա՛ն մօտէն հետեւած ու պայքարած է եօթը զաւակներու մայր, իւրայատուկ գաղափարներու տէր տիկինը. ան իր հայրենիքին` Գերմանիոյ մէջ հետեւողականօրէն պայքարած է ընկերային իրաւունքներու ի խնդիր, բազմիցս ստանձնած է  նախարարական պաշտօններ, որոնց կարգին` պաշտպանութեան, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, ընտանեկան, կնոջական եւ երիտասարդական հարցերու նախարարութիւնները:

Դժբախտաբար տիկին Ֆոն Տէր Լէյընի գործընկերը` Պելճիքայի նախկին վարչապետ Շարլ Միշէլ տեղւոյն վրայ հարց չստեղծեց, ո՛չ ալ գէթ իր աթոռը զիջեցաւ գործընկերոջ: Ուրեմն, գրեթէ երեք ժամ տեւողութեամբ տեսակցութիւնը անցաւ երկու աթոռի եւ… հեռաւոր բազմոցի շուրջ:

«Հը՛մմ»… Օսմանական հին բարքերը «սուլթան Էրտողան»-ի օրով ալ անխախտ կը մնան այս պալատին մէջ, թերեւս նաեւ վարակիչ են այր հիւրերու համար: Գէթ տիկին Ֆոն Տէր Լէյըն համտեսեց լեղի պատառը, գլխաւոր դերակատարը եղաւ «սոֆակէյթ»-ին` հանգստաւէտ բազմոցին բազմած:

… Իսկ Եւրոպան դեռ քանի՞ նման դառն ու լեղի դեղահատ պիտի հանդուրժէ եւ փորձէ սիրաշահիլ ոճիրներով ծանրաբեռնուած Էրտողան(ներ)ը:

Նախորդը

Նշմար. «Եկանք, Տեսանք, Յաղթեցինք»…

Յաջորդը

Ազգային Միացեալ Վարժարանի 308 Ընտանիքներ Թապլեթ-ներ Ստացան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.