Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմակաւորները

April 13, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Ականատես կ՛ըլլանք հայութեան դէմ անխնայ գրոհի մը: Գրոհը թիրախ ունի թէ՛ հայրենի ժողովուրդը եւ թէ՛ սփիւռքի գաղթօճախները: Անոր անմիջական նպատակն է պառակտել եւ թուլացնել մեր հաւաքական դիմադրականութիւնը: Խորտակելով մեր դիմադրականութիւնը` ան կը ձգտի նսեմացնել մեր ազգային առաքելութիւնը, հակակշռել մեր քաղաքական օրակարգը եւ անղեկ հաւաքականութեան վերածել հայութիւնը` հայրենիքէն ներս թէ դուրս:

Կայսերապաշտական, ծաւալապաշտական եւ գաղութատիրական մեկնակէտերով կ՛ընթանայ այս գրոհը: Անոր հեղինակներն են` Թուրքիա, Ամերիկա, Անգլիա եւ անոնց հետեւող որոշ արեւմտեան պետութիւններ: Անոնց կ՛աջակցին առատ դրամով կազմակերպութիւններ, որոնք կը ներկայանան որպէս ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու եւ մարդասիրութեան ջահակիրներ:

Դիմակաւոր է այս գրոհը: Անոր դիմակն է քաղաքացիական ազատութիւններու, մարդկային իրաւունքներու, խաղաղասիրութեան եւ այլ նման սկզբունքներ, որոնք կը շահագործուին յանուն վեհ գաղափարներու, բայց միշտ` ընդդէմ հայութեան ազգային արժէքներու, իղձերու եւ առաջնահերթութիւններու:

Դիմակաւոր այս գրոհը հայութեան մէջ ստեղծած է իր փոքր բանակը: Այս բանակի հայ դիմակաւորները «վեհ» սկզբունքները կը հակադրեն հայութեան ազգային ղեկավարութեան: Կը խծբծուին ազգային պատասխանատուներ եւ կառոյցներ այն շինծու մեղադրանքով, որ անոնք ձախողած են, արժանի չեն առաջնորդելու, սխալ ճանապարհներու վրայ են:

Այս դիմակաւորներուն հանդիպեցանք Հայաստանի մէջ` ապրիլ 2018-ին: Անոնց խռպոտ ձայները կը լսուին Լոս Անճելըսի մէջ, Սիտնիի մէջ, Թորոնթոյի մէջ, Ֆրանսայի մէջ, մինչեւ իսկ` Պէյրութի մէջ:

Այս դիմակաւորները մոլորածներ չեն: Գիտակից են իրենց արարքին, որովհետեւ պատուիրուած են այդպէս գործելու, որպէսզի կարենան վաստկիլ իրենց բաշխուող դրամները:

Անշուշտ մեզի համար նորութիւն չէ այս նոր գրոհը: Մենք տեսանք զայն հայկական յեղափոխութեան ընթացքին, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան օրերուն, տարասփիւռ հայութեան առօրեային մէջ: Բայց պարտութեան մատնեցինք այդ բոլորը:

Այս նոր գրոհը եւս կը զգետնենք: Այդ նուաճումին համար անհրաժեշտ է ճանչնալ դիմակաւորը: Չտարուիլ անոր տարածած սուտերով:

Պէտք է շարունակել մնալ պինդ… եւ դիմակները մէկ առ մէկ կը բերուին վար:

 

 

Նախորդը

Նշմար. Թուրք-Ազերին Թշնամի Չսեպելու «Գիւտ»-ը…

Յաջորդը

Արցախեան 1001 Պատում. «Զբօսա՞նք», Թէ՞ Վատաբանութեան Հանդէս (Ը.)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.