Քրեմլին հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ տագնապը:
Փութին Էրտողանի հետ նաեւ խօսած է Սեւ ծովու նեղուցներուն վերաբերող Մոնթրոյի համաձայնագիրի շրջանային կայունութեան պահպանման մէջ ունեցած կարեւորութեան մասին:



