Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա Հերքած Է Հոկլընտի Այն Պնդումը, Թէ Ռուսիան Չէր Պատրաստուեր Գործադրել Արցախի Վերաբերեալ Ձեռք Բերուած Համաձայնութիւնը

April 10, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, պատասխանելով «Թերթ»-ի «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտը յայտարարած է, որ իբրեւ թէ ռուս համանախագահ Իկոր Փոփովը իրեն ըսած է, որ նոյնիսկ եթէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը համաձայնին Սերկէյ Լաւրովի` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերաբերող գաղափարներուն, ռուսական կողմը պիտի չդիմէ անոնց իրականացման. որքանո՞վ այս յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ իրականութեան» հարցումին ըսած է.

«Բացարձակապէս չի համապատասխաներ: Ռուսիան միշտ պատրաստ եղած է լուծման այն տարբերակին, որուն կ՛աջակցին տագնապին կողմերը: Այս մասին բազմիցս խօսած է Ռուսիոյ նախագահը: Այս դիրքորոշումը որոշիչ է Ռուսիոյ համանախագահութեան աշխատանքին մէջ:

«Ինչի՞ վրայ հիմնուած է Ռ.Հոկլընտը, որ նման յայտարարութիւն ըրած է, ես չեմ պատրաստուիր գուշակել:

«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ լուծման առաջարկներու թղթածրարը, բացի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հռչակագիրներէն, կը ներառէր նաեւ ատոր աջակցելու մասին Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միացեալ յայտարարութիւնը: Այս երկու փաստաթուղթերը, առաւել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը, որ կը հաստատէ Լեռնային Ղարաբաղի լուծման վերաբերեալ առաջարկներու թղթածրարը, կը կազմէին էութիւնը այն ժամանակուան ռուսական առաջարկներուն, որոնց մասին մանրամասնօրէն տեղեակ էին միւս համանախագահ երկիրները` Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, եւ որուն անոնք լիովին կ՛աջակցէին», ըսած է Զախարովա:

Նախորդը

Քրեմլին. «Փութին Եւ Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Մը Ընթացքին Քննարկեցին Ուքրանիոյ Տագնապը»

Յաջորդը

Պատասխանելով 8 Ապրիլին Հայ Գերիներու Վերադարձի Մասին Լուրերուն Վերաբերեալ Հարցումին` «Հայ Պաշտօնատար Անձեր Մոլորութեան Մէջ Ձգած Են Բնակչութիւնը. Ատիկա Կեղծիք Էր Ու Սադրանք, Իրենց Հարցուցէք» Կ՛ըսէ Զօր. Մուրատով

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.