Անգարայի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասսիմօ Կայանին կանչուած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան փոխանցմով այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ պատճառը Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակիի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հասցէին ուղղուած քննադատութիւնն է` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին Էրտողանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի հետ հանդիպումի ընթացքին անոնց կողքին նստելու համար աթոռ չտրամադրելու պատճառով: Իտալիոյ վարչապետը Էրտողանը բռնապետ կոչած է:
Այս քննադատութեան հակադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւ ըսած. «Մենք վճռականօրէն կը դատապարտենք Իտալիոյ նշանակեալ վարչապետ Մարիօ Տրակիի անընդունելի եւ ամբոխավարական հռետորաբանութիւնը, անոր տգեղ յայտարարութիւնները մեր ընտրուած նախագահի հասցէին, եւ զանոնք իրեն կը վերադարձնենք»:
Անգարայի Մէջ Աթոռներու Առնչուած Աղմկայարոյց Գայթակղութեան Պատճառով
Ֆրանսացի Երեսփոխանները Կը Լքեն
Ֆրանսա-Թուրքիա Միջխորհրդարանական
Բարեկամութեան Խումբը
Ֆրանսացի երեսփոխաններ Ֆրանսա-Թուրքիա միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբը կը լքեն Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու Անգարա այցելութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենի հետ պատահած աղմկայարոյց միջադէպին պատճառով:
«Վաղը ես դուրս պիտի գամ Ֆրանսա-Թուրքիա բարեկամութեան խումբէն: Արդէն բաւ է», իր թուիթըրեան պաշտօնական էջին վրայ գրած է Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի ղեկավարած «Յառաջ հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ Պրիւնօ Քեսթել:
Ան ներկայացուցած է այլ ֆրանսացի երեսփոխանի մը` Էրիք Քիոթիի թուիթըրեան գրառումը, որուն մէջ ան նշած է. «Բռնակալ Էրտողան կը շարունակէ նուաստացնել Եւրոպան»:
«Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին համար տեղ չկայ: Ո՞ւր եւ ե՞րբ պիտի աւարտի իսլամականութեան տարածումը: Ես կոչ կ՛ուղղեմ` վերջնականապէս փակելու Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթը», ընդգծած է ան:
Եւրոպական խորհրդարանի անդամներ նախապէս իրենց վրդովմունքը յայտնած էին Անգարայի մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ` պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյենին աթոռ չէին առաջարկած Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի կողքին: Տեր Լեյեն նստած էր Էրտողանի եւ Միշելի կողքին գտնուող բազմոցին վրայ, իսկ անոնք գրաւած էին երկու աթոռները, որոնք գոյութիւն ունին արարողակարգային լուսանկարման գօտիին մէջ:
Միշել յայտարարութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնած էր. «Անգարայի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին աթոռներու դասաւորման առնչուած միջադէպը ստուերած է Եւրոպական Միութեան համար կարեւոր այցելութիւնը Թուրքիա»: «Հակառակ ամէն ինչ ճիշդ ընելու ձգտումին, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արարողակարգային կանոններու խիստ մեկնաբանութիւնը յանգեցուցած է շատ ցաւալի կացութեան», յայտարարած էր ան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին նկատմամբ կատարուածը նկատած «արարողակարգային սխալմունք»:
Բայց եւ այնպէս, ըստ անոր, որոշած է ոչ թէ կացութիւնը սրել, այլ շարունակել թրքական կողմին հետ քաղաքական բանավէճերը:



