Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

April 6, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 3 ապրիլ 2021-ին այցելեց Պքերքէ, Ս. Զատկուան առիթով իր շնորհաւորութիւնները յայտնելու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին յայտնած է իր շնորհաւորութիւնները, եւ մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ սեւ փապուղիէն եւ յառաջիկայ տարի աւելի լաւ պայմաններ տիրեն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ հիմնական իշխանութիւնը ժողովուրդին մօտ կը գտնուի, որովհետեւ առանց ժողովուրդի պատասխանատուներ չկան:

Ան նշեց, որ թնճուկները բազմաթիւ են` աւելցնելով, որ հազիւ մէկ թնճուկը կը հանգուցալուծուի, ուրիշ մը կը դրսեւորուի:

Լիբանանի` սեւ փապուղիէն դուրս գալու թուականին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն յայտնեց. «Երբ նշանակուած վարչապետը վերադառնայ»:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած էր գրառում մը, որուն մէջ շեշտած էր, թէ փտածութեան դէմ պայքարի առաջին քայլը փտածները անուանելով եւ զանոնք յստակօրէն մատնացոյց ընելով կ՛ըլլայ, եւ ոչ թէ փտածութեան մեղքը ընդհանրացնելով: «Փտածութեան մեղքի ընդհանրացումը կը ծառայէ իսկական փտածները ծածկելու քայլին եւ հանրային կարծիքը անկէ շեղելու», գրեց նախագահ Աուն:

Ռայի Պատրիարք. «Ինչպէ՞ս Հրճուինք Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով,
Երբ Լիբանանցիներուն Կէսէն Աւելին Աղքատացած Է»

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը կը նշուի սրտի խոր կսկիծով, որովհետեւ մեր շուրջը կը տիրէ տխուր իրավիճակ` քաղաքական վատ գործելակերպին պատճառով:

«Ինչպէ՞ս հրճուինք Ս. Զատկուան տօնին առիթով, երբ լիբանանցիներուն կէսէն աւելին աղքատացած է», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Ան Ս. Զատկուան առիթով յղած իր պատգամին մէջ իր խօսքը ուղղեց կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող կողմերուն` շեշտելով, որ անոնք պէտք է վերջ տան այլ երկիրներու, դատերու եւ ժողովուրդներու շահերուն համար Լիբանանը զոհաբերելու երեւոյթին:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ Լիբանանի գողգոթան վերջ գտնէ, եւ լիբանանցիներուն սրտերը յոյսով լեցուին:

Իր կարգին, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց մաղթելով մտքի հանգստութիւն եւ կայունութիւն:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ հարց տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն, թէ ի՞նչ արժէք ունին այն չափաբաժինները, որոնց անոնք կառչած կը մնան, եթէ հայրենիքը փլուզուի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Ապտել Սաթեր եպիսկոպոս Ս. Զատկուան առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան Յիսուսի նման յարութիւն պիտի առնէ, «իսկ ոմանք փախուստ պիտի տան այնպէս, ինչպէս Յիսուսի գերեզմանը հսկող պահակները», ըսաւ ան:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը Ս. Զատկուան առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին եւ Յորդանանին, որոնք հիւրընկալեցին մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ, որոնք փախուստ տուած էին Սուրիոյ պատերազմէն:

 

Նախորդը

Երկրին Անյոյս Իրավիճակին Լոյսին Տակ` Լիբանան Պաշտօնական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Յորդանանին

Յաջորդը

ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Հանրութեան` Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.