Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ-ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

January 31, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր նիստ մը կը գումարէ` քննարկելու համար Սուրիոյ շուրջ արաբական-արեւմտեան բանաձեւը: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի Նիւ Եորք ուղղուեցան` Սուրիոյ հարցով արաբական նոր նախաձեռնութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացնելու համար:

Մինչ հաղորդուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Հէյկ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ պիտի մասնակցին քննարկումին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Ապու Տապիի պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ինք Սուրիոյ հարցով արաբական նախաձեռնութեան կը զօրակցի: Իսլամական երկիրներու կազմակերպութիւնը իր կարգին Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու:

Սէուտական Արաբիոյ տեղեկատուութեան նախարար Եուսեֆ պըն Ահմետ Ուսէյմին սէուտական նախարարաց խորհուրդի` Ապտալլա Ապտել Ազիզ թագաւորի գլխաւորութեամբ գումարած նիստէն ետք յայտարարեց, որ խորհուրդը Սուրիոյ մէջ «բռնարարքներու շարունակման եւ զոհերու թիւի յաւելման նկատմամբ թագաւորութեան խոր ցաւը արտայայտած է»: Խորհուրդը նաեւ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու եւ սուրիացի ժողովուրդին օրինական պահանջներուն ու ձգտումներուն ընդառաջելու կարեւորութիւնը շեշտած է: Նշենք, որ «Ֆայնենշըլ Թայմզ» իր երէկուան թիւով նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին Սուրիոյ ուղղած քննադատութիւնը անակնկալ էր, որովհետեւ Սէուտական Արաբիա կը նախընտրէ լուսարձակներէ հեռու գործել:

Արաբական նոր ծրագիրը, որ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Ապահովութեան խորհուրդի անդամ արաբական երկիրներուն զօրակցութիւնը կը վայելէ, կը ձգտի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը համոզել իր լիազօրութիւնները փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհին փոխանցելու եւ ազգային միասնութեան կառավարութիւն կազմելու:

«Պի.Պի.Սի.»-ի արաբական ծառայութիւնը հաղորդեց, որ դիւանագէտներ կիրակի օր յայտնած են, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ բանաձեւին ետին կանգնող եւրոպական եւ արաբական երկիրներ Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու առաքելութեան սառեցումէն ետք աշխատանք կը տանին զայն վերախմբագրելու: Եւրոպական երկիրներ այդ սառեցումը ՄԱԿ-ի մէջ շարժելու անմիջական կարեւորութիւնը ցոյց տուող զարգացում մը կը նկատեն:

Միւս կողմէ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը  երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը համաձայն է սուրիական ընդդիմութեան հետ ոչ պաշտօնական բանակցութիւններ կատարելու, սակայն սուրիական ընդդիմադիր երեք  հատուածներէն Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը շատ չանցած յայտարարեց, որ «վարչակարգին հետ երկխօսութեան ռուսական հրաւէրը պիտի մերժենք»:

 

Նախորդը

«ԵԹԷ ՍՏԻՊՈՒԻՆՔ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ` ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՆԵԹԱ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.