Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին այցելեց Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպի, ինչպէս նաեւ խորհուրդի անդամ դատաւորներ Աունի Ռամատանի եւ Ռիատ Ապու Ղիտայի կողմէ:
Նախագահ Աուն դատաւոր Մըշլեպը տեղեակ պահեց իր ունեցուածքէն` այդ մասին ներկայացնելով տեղեկագիր մը` Ապօրինի հարստացման օրէնքին գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Քննարկուեցան Սահմանադրական խորհուրդին աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն ընդգծեց անոր հսկայ պատասխանատուութիւնը` օրէնքներու սահմանադրական ըլլալուն հսկելու առումով:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախանցեալ օր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը արգելակող դժուարութիւնները:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շիա շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` զինք ընդունելու առիթով, եւ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նոր կառավարութիւն մը կազմելու ո՛չ միայն կարեւորութիւնը, այլեւ` նոր կառավարութեան մը խիստ կարիքը, որպէսզի ան կարենայ գործադրել բարեկարգումները:
«Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին եւ զօրակցելու լիբանանցի ժողովուրդին», վերահաստատեց Շիա` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի հզօր ղեկավարներու, որոնք պատրաստ են կուսակցական իրենց տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ միասնաբար գործելու` երկիրը փրկելու համար իր դիմագրաւած տագնապներէն: «Վստահ եմ, որ նման լիբանանցի ղեկավարներ կան եւ կարողութիւն ունին նման քայլեր առնելու», ըսաւ ան:
Շիա յայտնեց, որ ինք գիշեր մը առաջ հանդիպում մը ունեցած է տարբեր ուղղութիւններ ներկայացնող երիտասարդ քաղաքական գործիչներու հետ, որոնք յստակօրէն շեշտած են, թէ կը փափաքին ունենալ կառավարութիւն մը, որ երկրին պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ, անկախ դատական իշխանութիւն մը, ինչպէս նաեւ օրէնքի գերիշխանութիւն:
«Անոնք կը փափաքին, որ Լիբանանի մէջ փտածութեան վերջ դրուի եւ կարելի ըլլայ ժողովուրդին կարիքները հոգալ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին յառաջիկայ տարուան ընթացքին` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին», ընդգծեց Շիա:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` Շիա յայտնեց, որ ինք տեղեակ է, թէ լիբանանցի ղեկավարները կը փորձեն կառավարութիւն կազմել, «իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ նախապայմաններ դնող ղեկավարներուն ամենայն յարգանքով հարց կու տամ, թէ այդ հոլովոյթը 8 ամիս արգելակելէ ետք ժամանակը չէ՞ հասած արդեօք այդ նախապայմանները յետս կոչելու եւ համաձայնութիւն մը գոյացնելու: Կարեւորը կառավարութեան կազմութիւնն է եւ ոչ թէ կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտելը», եզրափակեց ան:
ՆՇԵՆՔ, որ Շիա այցելեց նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:



