Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Գերիները Ազրպէյճանի Մէջ Դաժան Վերաբերմունքի Կ՛Արժանանան» Կ՛ըսէ Մարդկային Իրաւանց Դիտարանը

March 23, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ գերիները դաժան ու նուաստացուցիչ վերաբերմունքի կ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի տարածքին գտնուող պահման տարբեր կէտերու մէջ: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Մարդկային իրաւանց դիտարանը (Հիումըն Ռայց Ուոչ):

Իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ հետաքննեն բոլոր նման դէպքերն ու դիմումները, մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկեն: Բացի ատկէ, Ազրպէյճան պէտք է անյապաղ ազատ արձակէ բոլոր պատերազմական գերիներն ու քաղաքայինները, ինչպէս նաեւ տեղեկացնէ գտնուելնուն վայրին մասին հայկական կողմի բոլոր անձերուն:

«Ատիկա պատերազմական յանցագործութիւն է: Մտահոգիչ է նաեւ այն, որ շարք մը անհետ կորսուած հայ զինուորներուն վերջին անգամ տեսած են ազրպէյճանական գերութեան մէջ, սակայն ազրպէյճանական կողմը անոնց մասին տեղեկութիւն չի տրամադրեր», ըսած է Մարդկային իրաւանց դիտարանի Եւրոպայի ու Կեդրոնական Ասիոյ գծով տնօրէն Հիու Ուիլիըմսըն:

Կազմակերպութիւնը զրուցած է չորս նախկին գերիներու հետ, որոնք նկարագրած են իրենց` գերութեան մէջ գտնուելու ընթացքը: Անոնք բոլորը ըսած են, որ իրենց յաճախ եւ երկար ծեծի ենթարկած են: Անոնցմէ մէկը պատմած է, թէ ինչպէ՛ս կրակայրիչով այրուածքներ պատճառած են իրեն: Գերութեան առաջին օրերուն անոնց շատ քիչ ջուր տուած են եւ գրեթէ սնունդ չեն տուած:

Ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած են տասնեակ մը տեսանիւթեր, որոնք կը պատկերացնեն ազրպէյճանցի զինուորականներու դաժան վերաբերմունքը հայ գերիներուն նկատմամբ: Մարդկային իրաւանց դիտարանը ուսումնասիրած է աւելի քան 20 նման տեսանիւթ` հաստատելով անոնց իսկութիւնը, զրուցելով նախկին գերիներու եւ տակաւին գերութեան մէջ գտնուող անձերու հարազատներու հետ: Կազմակերպութիւնը ծանօթացած է վնասուածներու բժշկական փաստաթուղթերուն:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ գերիներու ճշգրիտ թիւը տակաւին յստակ չէ: Փետրուարի վերջաւորութեան Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը խնդրած էր քայլերու ձեռնարկել Ազրպէյճանի դէմ: Իր յայտարարութեան մէջ հայկական կողմը յիշատակած էր 240 գերիներու եւ քաղաքային պատանդներու մասին: Հայաստանի պաշտօնական մարմինները կը յայտարարեն, որ Ազրպէյճանը վերադարձուցած է 69 ռազմագերի եւ քաղաքային:

Նախորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դարձեալ Ընդհատուած Է … Լիբանան Մուտք Կը Գործէ Աւելի Խոր Անորոշութեան Փուլ

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «ՀՅԴ-ի Օրակարգին Վրայ Արտահերթ Ընտրութիւններու Հարց Չկայ»

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.