Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Ներքին Լիբանանեան Համաձայնութեան Գոյացումը Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Ժոմպլաթ

March 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ յետմիջօրէին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն հետ քննարկեց տեղական զարգացումները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի բնակիչներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ շեշտեց ներլիբանանեան համաձայնութեան վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

«Երբ երկիրը հասած է բացարձակ սառեցումի իրավիճակին` տնտեսական անկումին զուգահեռ, եւ երբ անօթութիւնը սկսած է լիբանանցիներուն դռները թակել, իսկ «Քորոնա»-ի համաճարակը ամէնուրեք ներկայ է, ապա համաձայնութիւնը անհրաժեշտ է: Թիւերը արդէն իսկ անկարեւոր են, որովհետեւ երկրին դիմագրաւած հարցերը թիւերէն շատ աւելի մեծ են», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ կարեւոր նկատեց, որ ներքին լիբանանեան առումով ամէն բան կայունացուի, սկսեալ` «Քորոնա»-էն, հասնելով տնտեսական կացութիւն, սահմանային իրավիճակի հակակշռում եւ տոլարի սակի զսպում:

Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց 18 նախարար հաշուող կառավարութեան շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու` դուրս գալու համար լարուածութենէն, «իսկ իմ առաքելութիւնս հոս կ՛աւարտի», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ նշեց, որ կարելի չէ որեւէ մէկը ջնջել` ինչ ալ ըլլան պայմանները: «Հանդիպումներ ունեցայ դեսպաններու հետ, եւ ոչ ոք հետաքրքրուած է Լիբանանով, հետեւաբար մեր ամբողջ յոյսը առաջադրուած ֆրանսական նախաձեռնութիւնն է», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Ան շեշտեց, որ նախագահ Աունի հետ իր խօսակցութիւնը յստակ էր ու անկեղծ` աւելցնելով, որ իրենց մտահոգութիւնը Ազգային ազատ հոսանք եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններն են:

«Պէտք է ներքին լիբանանեան համաձայնութիւն գոյացնել. այս է իմ կոչս բոլորին: Կ՛ուզեմ նաեւ յիշեցնել, որ ֆրանսացի պատուիրակ Փաթրիք Տիւրելի խորհուրդը այն էր, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպին, իսկ ես տիւրզի համայնքին համար ոչ մէկ պահանջ ունիմ», հաստատեց Ժոմպլաթ:

Միւս կողմէ, Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն ողջունեց Լիբանանի եւ աշխարհի մէջ ֆրանսախօսները` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան շրջագիծին մէջ գործունէութիւնը շարունակելու առումով:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. «Կը Մաղթենք, Որ Նախագահն Ու Վարչապետը Այսօր Յուսախաբ Դարձնեն Իրենց Ձախողութեան Վրայ Գրաւ Դնող Կողմերը Եւ Շրջեն Սեղանը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Երկրին Մէջ Տիրող Կացութիւնը Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Դրական Ոչինչ Կը Յուշէ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.