Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները` ցաւ յայտնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի վարուելակերպին նկատմամբ, յատկապէս նշանակուած վարչապետին ուղղած անոր պատկերասփռուած սպառնական ճառը, մինչդեռ ընդունուած կարգը այն է, որ անոնց միջեւ յարաբերութիւնն ու խորհրդակցութիւնը բնականոն կերպով ընթանայ` հեռու մնալով ամէն տեսակի տեղեկատուական գրգռութենէ:
«Այս պահուս Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ պէտք է որդեգրէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի նախաձեռնութիւնը, որն է անկախներէ եւ մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը ըլլալ», շեշտեցին նախկին վարչապետները:
Անոնք հաստատեցին, որ նախագահ Աունի վարուելակերպը կ՛այլակերպէ սահմանադրութեան մէջ ճշդուած յօդուածներուն ոգին: «Սահմանադրութիւնը կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը կը կազմուի խորհրդարանական մեծամասնութեան քուէով նշանակուած վարչապետին կողմէ եւ կը յայտարարուի հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կողմէ միասնաբար: Ապա կառավարութիւնը իր Անդրանիկ յայտարարութեան համաձայն կը ներկայանայ խորհրդարանին եւ կը ստանայ անոր վստահութեան քուէն, հետեւաբար վարչապետն ու կառավարութիւնը պատասխանատու կ՛ըլլան խորհրդարանին դիմաց եւ ենթակայ` խորհրդարանի հաշուեքննութեան», ընդգծեցին անոնք:



