Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Սամի Ժեմայէլը

March 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ երկրին քաղաքական դասակարգը ոչինչ կը զգայ ժողովուրդին տառապանքին առումով` հաստատելով, որ այդ դասակարգը տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրի:

Ժեմայէլ նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը համոզուած է, որ ներկայ կացութեան միակ լուծումը պիտի ըլլայ քաղաքական ներկայ վարչակազմին հրաժարումը եւ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը, որպէսզի գերիշխան ու քաղաքակիրթ պետականաշինութեան աշխատանքը հունաւորուի եւ նոր հորիզոններ կարելի ըլլայ բանալ:

«Պէտք է սորվիլ, որ առանց փոփոխութեան կարելի չէ գերիշխան դառնալ, ինչպէս նաեւ պէտք է հրաժարիլ այն զէնքէն, որ ապարդիւն է», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանան կարիք ունի Արեւմուտքի նեցուկին:

Ան նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի Ռայի պատրիարքի նախաձեռնութեան` Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու ապահովութիւնը պաշտպանելու առումով:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց անկախ կառավարութեան կազմութեան: «Կառավարութիւն մը, որ ուղղակի բանակցութեան կը սկսի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ, Լիբանանին նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովէ եւ կը սկսի գործել` վերջ տալով տիրող մահաքունի իրավիճակին», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ նշեց, որ օր մը առաջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իր ճառին մէջ 10 անգամ քաղաքացիական պատերազմ ըսած է` հարց տալով, թէ ան ի՞նչ ըսել կ՛ուզէ այդ յայտարարութեամբ:

«Չկայ լիբանանցի մը, որ քաղաքացիական պատերազմ կ՛ուզէ, բացի քեզմէ, իսկ լիբանանցի ժողովուրդը` հիւսիսէն հարաւ պատերազմ չի սիրեր, այլ` խաղաղութիւն: Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ պիտի չըլլայ», ըսաւ Ժեմայէլ` իր խօսքը ուղղելով սէյիտ Նասրալլային:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Տիապ Ուազնիի Հետ Քննարկեց Ամավարկի Նախագիծը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.