Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Այցելեց Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան

March 20, 2021
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթենայ ուրբաթ, 19 մարտ 2021-ին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան դեսպանի քաղաքական հարցերու խորհրդական Մանոն Պուաքլեր, Քանատական օժանդակութիւններու ֆոնտի համակարգող Իզապել Պայան-Տըպըս, քաղաքապետարանի պատասխանատուներ եւ «Նապաա» միութեան անդամներ:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին զինք ընդունելուն համար: Տարբեր բնագաւառներու մէջ Լիբանանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ակնարկելէ ետք, ան մտահոգութիւն յայտնեց ժողովուրդի դիմագրաւած ապրուստի դժուարութիւններուն առնչութեամբ: Ան նաեւ հետաքրքրուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած վնասները նորոգելու եւ այլ դժուարութիւններ դիմագրաւելու քայլերով:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց դեսպան Շասթենային` յիշեցնելով, որ անոր նախորդները նման այցելութիւններ տուած են եւ նեցուկ կանգնած քաղաքապետութեան նախաձեռնութիւններուն, մանաւանդ` ոստիկանութեան շարքերուն մէջ կիներ ներգրաւելու նախաձեռնութեան:

Հայ վերապրողներու կողմէ Պուրճ Համուտի հիմնադրութիւնը յիշելով` քաղաքապետ Պօղոսեան շեշտը դրաւ Պուրճ Համուտի բնակչութեան բազմերանգ բնոյթին վրայ` նշելով, որ հիմնադրութեան առաջին տարիներէն ան կը համախմբէ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր համայնքները: Անոնց վրայ աւելցան ո՛չ միայն միջինարեւելքցի գաղթականներ` պաղեստինցի, իրաքցի, սուրիացի, քիւրտ եւ այլն, այլ նաեւ` ափրիկեան ու Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն բանուորներ:

«Հպարտ ենք այս այլազանութեամբ, թէ ինչպէ՛ս բոլոր այս հաւաքականութիւնները աշխարհագրական նեղ տարածքի մէջ ո՛չ միայն համերաշխօրէն կը գոյակցին, այլ նաեւ կը գործակցին», ըսաւ Պօղոսեան` ընդգծելով, որ բոլոր այս հաւաքականութիւնները կը սիրեն ու կը յարգեն Պուրճ Համուտը, ուր երկար տարիներէ ի վեր կը վայելեն ապահովութիւն եւ խտրականութենէ զերծ յարգանք:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը «Եու. Էն. Հապիթաթ»-ի հետ գործակցեցաւ կատարելու շէնքերու վնասներու արագ ստուգում, եւ երեւան եկաւ, որ շրջանի շէնքերուն 55 առ հարիւրը ստացած է զանազան աստիճանի վնասներ, յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը` նկատել տալով, որ քաղաքը տակաւին չէ ապաքինած, եւ բաւական ժամանակ պէտք է պայթումին հետեւանքները դարմանելու համար:

Պօղոսեան նաեւ ներկայացուց ժողովուրդին եւ բնակչութեան դիմագրաւած ընկերային ու ապրուստի դժուարութիւնները, տնտեսական ու դրամական ճգնաժամին, անգործութեան եւ «Քորոնա» համաճարակին բերմամբ: Ան նկատել տուաւ, որ այս տագնապները պատճառ դարձան մէկ կողմէ քաղաքապետութիւններու ծառայութիւններու յաւելեալ պահանջի, իսկ միւս կողմէ` այդ քաղաքապետութիւններու միջոցներու ու եկամուտներու նահանջին:

«Այս դժուարին պայմաններուն մէջ մենք ստացանք օժանդակութիւններ «Նապաա»-ի նման միութիւններէ եւ անոնց օտար նուիրատուներէն, ինչպէս` Քանատան», ըսաւ քաղաքապետը` շնորհակալութիւն յայտնելով միութեան ու նուիրատուին` վնասուած բնակարաններու նորոգութեան ու նպաստներու բաշխումին համար:

«Բարձր կը գնահատենք այս նախաձեռնութիւնները, եւ կը մաղթենք, որ անոնք շարունակուին, նկատի առած մեր երկրին ու ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամային աննախընթաց պայմանները», եզրափակեց քաղաքապետ Պօղոսեան:

«Նապաա» միութեան ներկայացուցիչ Եասեր Տաուտ ներկայացուց միութեան կատարած աշխատանքը, մանաւանդ` Պուրճ Համուտի մէջ 307 բնակարաններու նորոգութիւնը: Ան նաեւ ներկայացուց շրջանին մէջ տիրող իրավիճակն ու քաղաքապետութեան հետ գործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յուշանուէր մը յանձնեց դեսպան Շասթենայի:

Այնուհետեւ քանատական պատուիրակութիւնը շրջապտոյտ մը կատարեց Պուրճ Համուտի մէջ եւ այցելեց նորոգութեան օժանդակութիւն ստացած բնակարաններ:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Առաջին Դրական Նշաններէն Ետք. Պայտըն Պիտի Յաջողի՞ Արդարացնել Իսկական Բարեփոխման (Նաեւ Մեր) Ակնկալութիւնները

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններ Կատարելու Քաղաքական Որոշումին Մասին Որեւէ Մեկնաբանութիւն Չունիմ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Բանբերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.