Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիեւի Այցելութիւնը Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներ Կը Նկատուի Հետագայ Յարձակողապաշտ Ծրագիրներու Մարմնաւորում

March 19, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի նախագահի` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու այցելութեան հանգամանքին, շեշտելով ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտումներով զանգուածային ոճրագործութիւններուն փաստը եւ անդրադառնալով պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի բանակին կողմէ ցեղային զտումներուն եւ արցախահայութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն:

«Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Հատրութի շրջանին մէջ կատարուած յայտարարութիւնները կը բացայայտեն հայկական բնակավայրերու ոչնչացման եւ անոնց փոխարէն ազրպէյճանական բնակավայրեր ստեղծելու մտադրութիւնը, ինչ որ կը խախտէ 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, ըստ որոնց տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենի օճախներ: Անիկա կը փաստէ նաեւ, որ ազրպէյճանական վերահսկողութեան տակ արցախահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկապէս մտահոգիչ կը նկատէ Շուշի քաղաքի Կանաչ ժամ ժողովրդական անունը կրող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ աւերման փաստերու առկայութիւնը, ինչ որ կը հաստատէ, որ լիովին կեղծ է Ազրպէյճանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պիտի պահպանէ քրիստոնէական պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ պատրաստ է համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ: Այս առումով կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին` շուտով միջամտելու, որպէսզի տակաւին չաւերուած յուշարձաններուն փրկութիւնը ապահովուի:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը` Ազրպէյճանի նախագահի Արցախի բռնագրաւուած տարածքներ այցելութեան առիթով` անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ Ալիեւը անձամբ յանձնարարած է իրեն ուղեկցող պաշտօնեաներուն ջնջել միջնադարեան հայկական արձանագրութիւնները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու  պատերէն:

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարարութիւնը ղարաբաղեան տագնապի տեւական լուծման ուղղուած շարունակական ջանքերուն նկատմամբ բացարձակ անյարգալից վերաբերմունքի ցուցաբերում կը նկատէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր կնոջ` Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու ընկերակցութեամբ կատարած այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Հատրութի շրջան: «Բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուելու ժամանակ նախագահ Ալիեւ անձամբ յանձնարարած է իրեն ուղեկցող պաշտօնեաներուն ջնջել միջնադարեան հայկական արձանագրութիւնները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող  եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու  պատերէն», ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ նման պաշտօնական այցելութիւնները Ազրպէյճանի հայատեաց ու ռազմատենչ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ հետագայ յարձակողապաշտ ծրագիրներու մարմնաւորումն են:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը բազմիցս տեղեկացուցած է միջազգային հանրութեան Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ահաբեկչութեան, անոր ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղասպանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան կոպտագոյն յառաջ մղումին մասին:

«Այդ ցեղասպան քաղաքականութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, միջազգային չափանիշներու, դաշնագիրներու, բանաձեւերու եւ համաձայնագիրներու կոպիտ  խախտում եւ սպառնալիք ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհին համար», շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը` կոչ ուղղելով համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` կանխելու հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումն ու դատապարտելու Ազրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը` զգուշացնելով, որ անգործութիւնն ու անտարբերութիւնը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Փրկութեան Շարժում. «Վարչապետի Աշխատակազմի «Պարզաբանումը» Ուղղակի Կոչ Է` Չենթարկուելու Դատարանի Տուած Որոշումին»

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Փաշինեան Իր Հետեւողական Քայլերով Կ՛ուղղուի Բանակի Կազմաքանդման»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.