Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ «Ռաշա թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատուիրակութեան Ռուսիա կատարած այցելութիւնը կը զուգադիպի անկիւնադարձային ժամանակաշրջանի մը, երբ միջազգային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ լուրջ զարգացումներ կ՛արձանագրուին մեծ պետութիւններուն միջեւ:
«Անոնցմէ ոմանք կը փափաքին շրջանը իրենց մենաշնորհին վերածել եւ իրենց ու յատկապէս սիոնական գոյացութեան շահերը ապահովել, իսկ ոմանք կը փափաքին դիմադրութեան առանցքին կառչած մնալ եւ շրջանին մէջ հաւասարակշռութիւն ստեղծել», ըսաւ ան:
Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս պատահածը Դիմադրութեան թեւը սեղմելու ճնշում է` օգտագործելով պատժամիջոցի, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ելեւմտական եւ դրամատնային շրջափակումի միջոցները: «Այս միջոցները որդեգրուած են, որովհետեւ միւս միջոցը ձախողած է, իսկ Դիմադրութիւնը իր բարեկամներուն, յատկապէս Ռուսիոյ հետ հսկայ յաղթանակ մը արձանագրած է ահաբեկչութեան դէմ, յատկապէս Սուրիոյ մէջ եւ արգիլած, որ անիկա Լիբանան ներխուժէ եւ լիբանանեան ապահովական կայունութեան սպառնայ», շեշտեց ան:
Ռաատ հաստատեց, որ Ռուսիա լուրջ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ, կառավարութեան անյապաղ կազմութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ կը փափաքի դիւրացնել նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի պարտականութիւնը:
Ան ընդգծեց, ներկայիս երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու բանալին կառավարութեան կազմութիւնն է` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի կարծիքը այն է, որ կառավարութեան մէջ կարելի եղածին չափ քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացուին, որովհետեւ անիկա պիտի ըլլայ բարեկարգումները գործադրող կառավարութիւն մը, եւ ատիկա կ՛ենթադրէ, որ քաղաքական բոլոր ուժերը զօրակցին այդ ջանքերուն:



